
ՍԻՏՆԻ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրալիա ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարան:
Ան հանդիպումներ ունեցած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբին հետ: Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը Հոկտեմբեր 2012-ին ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Ներկայ էր նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան: Հանդիպումը նախագահեց խորհրդարանի անդամ, Աւստրալիա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ճոնաթան Օ՛Տեան: Արա Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանին Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կողքին կանգնելու համար` ճանչնալով անոր անկախութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Ճոնաթան Օ՛Տեային, Հիւ Մաք Տերմոթին, Տամիէն Թիւտհոփին, վերջերս խորհրդարանին մէջ Սումկայիթի ջարդերու 30-ամեակին առիթով ունեցած ելոյթներուն համար:
Արա Յարութիւնեան այցելեց նաեւ Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգային խորհրդարանի յարակից Խաղաղութեան այգիին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին մօտ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին: 1997-ին Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր որոշումը վերահաստատած է 2013 թուականին:
Յարութիւնեանի պատուիրակութիւնը Մարտ 17-ին այցելեց Մելպուրն, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս հանդիպումը կազմակերպուած էր Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց ընկերութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն մէջ նոր բաժնետէրերու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը ընդգծելու նպատակով: Հանդիպման կը մասնակցէին Մելպուրնի հայկական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ յատկապէս նշեց, որ Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցը իր էութեամբ ամբողջովին նոր ձեւաչափ է հայրենիք-սփիւռք գործարար կապերու ամրապնդման առումով, եւ որ անիկա զարգացման մեծ ներուժ ունի:
«Արցախը ունի տնտեսութեան զարգացման կայուն միջավայր, ուր անընդհատ նոր ներդրումներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւն կայ: Այս առումով, Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցը համահայկական ներուժի օգտագործման համար լաւ հարթակ է, որ կ’ենթադրէ ոչ թէ անհատոյց նուիրատուութիւն, այլ` փոխշահաւէտ առաջարկ: Ասոր իբրեւ արդիւնք մենք կ’ունենանք մնայուն կերպով զարգացող հայրենիք, ուր շօշափելի ներդրում կ’ունենայ նաեւ Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի իւրաքանչիւր բաժնետէր` պահպանելով նաեւ առեւտրական հետաքրքրութիւնը», յայտնած է Արա Յարութիւնեան:
Հանդիպման ընթացքին պետական նախարարը անդրադարձաւ նաեւ վերջին տարիներուն Արցախի մէջ արձանագրուած ընկերային-տնտեսական յաջողութիւններուն, ապրիլեան պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման, պաշտպանունակութեան ոլորտին մէջ տարուող նոր լայնածիր ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ պատասխանած է ներկաները յուզող տարաբնոյթ հարցերու:
Արա Յարութիւնեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Համազգայինի «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ Սուրբ Աստուածածին հայ առաքելական եկեղեցւոյ կից գործող «Ակինեան» շաբաթօրեայ դպրոցներուն մէջ, հանդիպում ունեցած է աշակերտական եւ ուսուցչական անձնակազմերուն հետ: Պետական նախարարը բարձր գնահատած է սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հայապահպանման առումով հայկական դպրոցներուն դերը եւ ընդգծած է անոնց բացառիկ առաքելութիւնը, քանի որ ազգային ինքնութեան պահպանումը ուղղակիօրէն շաղկապուած է լեզուամտածողութեան, ազգային դաստիարակութեան ու մշակոյթին հետ:
Արցախի պետական նախարարը նաեւ այցելեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցած համայնքի հոգեւոր պատասխանատուներուն հետ:
Մելպուրնի մէջ ան մասնակցեցաւ նաեւ գաղութին կողմէ կազմակերպուած` Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին: