
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի պետական յանձնաժողովի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4-ին պիտի սկսի երկօրեայ միջազգային խորհրդաժողով, նուիրուած Արցախի շարժման 25ամեակին:
Խորհրդաժողովի կազմակերպման իրենց ներդրումը բերած են նաեւ Հայաստանի քաղաքական գիտութեանց միութիւնը եւ Պելճիքայի Լուվէն քաղաքի համալսարանը:
Խորհրդաժողովի կազմակերպող Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, այս առթիւ յայտնեց թէ քաղաքական էական նշանակութիւն ունեցող այս խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի ակունքները, քննելով նաեւ Կիւլիստանի պայմանագրի կարեւորութիւնը: Նախատեսուած ելոյթներով հանդէս պիտի գան ճանչցուած քաղաքագէտներ, փորձառու գիտնականներ, որոնց շարքին մասնագէտներ` Պերնարտ Քուլի, Քսավիէ Ֆոլեպուքթ, Ճէֆրի Րոպէրցոն, Աշոտ Մելգոնեան, Միհրան Տապաղ, Արա Պապեան: Արցախի տնտեսական զարգացման շուրջ կլոր սեղանի զրոյցին պիտի մասնակցին, Արցախի փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, Հ.Հ. գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Դաւիթ Լոքեանը եւ Աւստրիայէն Րայնհոլտ Էքհարտ:
Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Պելճիքայի եւ Անգլիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերու ատենապետները: Հեղինակաւոր ներկայութիւններով յատկանշուած խորհրդաժողովը, առիթ պիտի տայ Արցախի պետական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու, խորացուած ու ծանրակշիռ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի այցելութիւններու:
Կիպրոսէն պիտի մասնակցի եւրոերեսփոխանի տիկին Էլէնի Թէոխարուս (Եւրոխորհրդարանի եւ Արցախի միջեւ բարեկամութեան խումբի նախագահ) եւ լրագրող, Լիտրա Քոլէճի նախագահ Եանիս Խարալամպիտիս: Յունաստանէն ներկայ պիտի ըլլան երեսփոխան Միխայիլ Թամիլոս (Հայ-Յոյն խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ նախագահ) եւ երեսփոխան Քաթերինա Մարքու, ինչպէս նաեւ լրագրող-հրապարակախօս-վերլուծաբան Սավաս Քալենտէրիտիս եւ լրագրող Քոսթաս Փլիաքոս: Պատուիրակութեան պիտի մասնակցին նաեւ Պելճիքացի ծերակուտական Անտրէ տիւ Պիւս, Ազգային Ժողովի անդամ Ժան Տէֆոսէ եւ թրգական ծագումով Պելճիքացի լրագրող Մէհմէտ Քոքսալ: