Լրահոս

Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչները

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յունուար 12-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:
Նախագահի գրասենեակին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցած է Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, արծարծուած են շրջանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button