
ՊՐԻՒՔՍԷԼ .- Յունիս 7-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, պաշտօնական պատուիրակութեամբ մը, այցելեց Պելճիքա եւ կատարեց աշխատանքային այցելութիւններ:
Սահակեան հանդիպում ունեցաւ Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլս Վան Հոֆի եւ խումբ մը այլ երեսփոխաններու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Պելճիքայի եւ Արցախի խորհրդարաններուն միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախը պատրաստակամ է զարգացնելու խորհրդարանական յարաբերութիւնները Պելճիքայի հետ եւ այս առումով կ՛ակնկալէ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն գործօն աջակցութիւնը:
Նաեւ, նախագահ Սահակեան այցելեց տեղւոյն Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի եւ դեսպանատան աշխատակիցներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան եւրոպական տարբեր կառոյցներու մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Սահակեան նշեց, որ անհրաժեշտ է համադրել Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի ջանքերը:
Նաեւ, նախագահ Սահակեան այցելեց Հայ Դատի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ,` պատասխանատու Գասպար Կարապետեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայրենիք-սփիւռք կապերուն եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:
Սահակեան արժեւորեց Հայ Դատի գործունէութիւնը համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն լուծման եւ Արցախին մշտապէս սատարելու ուղղութեամբ` նշելով, որ անոր շնորհիւ բազմաթիւ կարեւոր հարցեր կը ստանան արդիւնաւէտ լուծում: