
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան` Հանրապետութեան 27-ամեակին առիթով յղած է ուղերձ մը:
Ան կը յայտնէ, թէ.
«Այլեւս մեր ճակատագիրը մեր ձեռքն էր, մենք էինք մեր ապագային տէրն ու կերտողը: Մեր սերունդը ստանձնեց հսկայական պատասխանատուութիւն` ինչպէս մեր նախնիներուն յիշատակին առջեւ, այնպէս ալ հետագայ սերունդներուն, մեր հայրենիքին եւ համայն հայութեան ապագային համար:
«Եւ այդ պատասխանատուութեան զգացումն է, որ այս բոլոր տարիներուն օգնած է մեզի յաղթահարելու անասելի դժուարութիւններն ու փորձութիւնները, կառուցելու ժողովրդավարական, իրաւական ու ընկերային պետութիւն, պաշտպանելու պատերազմի մէջ յայտնուած հայրենիքը, վերականգնելու աւերուած տնտեսութիւնը, իրականացնելու բազմաբնոյթ ծրագիրներ` ուղղուած քաղաքացիներու ընկերային խնդիրներու լուծման, բնակչութեան կենսապայմաններու բարելաւման:
«Այդ պատասխանատուութեան զգացումն է, որ այսօր մեզ կը պարտաւորեցնէ ըլլալ աւելի ուժեղ եւ ամուր, միասնական ու համախմբուած, ամէն ինչ ընել` յանուն մեր հայրենիքի զօրացման ու բարգաւաճման, յանուն համազգային նպատակներու իրականացման: Ա՛յդ կը պահանջէ մեր հերոս տղաներուն թափած արիւնը եւ այն սուղ գինը, որ վճարած է հայ ժողովուրդը իր ազատութեան ու անկախութեան համար:
«Թանկագի՛ն հայրենակիցներ,
«Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ յիշարժան տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու նոր յաղթանակներ` մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին»: