
ՓԱՐԻԶ․- Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հ․Յ․Դ․ Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանը, Յովսէփ Տէր Գէորգեանը եւ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան, շրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:Յարութիւնեան պահանջուած եւ օգտակար նկատեց նման հանդիպումները` արժեւորելով Հ․Յ․Դ․-ի ներդրումը Արցախի զարգացման եւ զօրացման ու համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ: