Լրահոս
Արցախի Նախագահը Տեսակցեցաւ Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն Հետ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յունուար 23-ին, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն հետ:
Նախագահը ողջունեց Ընդհանուր ժողովի կատարումը Արցախի մէջ, համարելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն։
Նախագահ Սահակեան արժեւորեց Հ․Յ․Դ․-ի ներդրումը՝ Արցախեան ազգային- ազատագրական պայքարի, պետականութեան ձեւաւորման ու կայացման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համազգային խնդիրներու լուծման գործընթացին մէջ: Այս հանդիպման, նաեւ արծարծուեցան պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:


