Լրահոս

Արցախի Մէջ Տնտեսական Աճ Արձանագրուած Է

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Փետրուար 1-ին, կառավարութեան նիստին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ամփոփեց 2018-ի ընկերային – տնտեսական զարգացման արդիւնքները, ինչպէս նաեւ նախանշած է 2019-ին կատարուելիք աշխատանքները` համապատասխան յանձնարարականներ տալով զանոնք պատշաճ կերպով իրագործելու ուղղութեամբ:
Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ նախորդ տարի, ընդհանուր առմամբ, յաջողած են իրականացնել նախանշուած ծրագիրները եւ ապահոված են տնտեսութեան զարգացումը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշը կազմած է շուրջ 303 միլիառ դրամ, ապահովուած է երկնիշ տնտեսական աճ, որուն համար հիմք հանդիսացած են նիւթական արտադրութեան ճիւղերու, մասնաւորապէս` հանքագործական արդիւնաբերութեան եւ ուժանիւթի, ինչպէս նաեւ առեւտուրի եւ ծառայութիւններու մարզերուն մէջ արձանագրուած զարգացումը: Նախագահը դրական նկատեց այն հանգամանքը, որ տարին աւարտած է առանց նիւթական պարտաւորութիւններու արձանագրութեան:
Նախագահ Սահակեանը կարեւոր նուաճումներէն մէկը նկատեց նաեւ այն, որ ելեկտրականութեան արտադրութեան մարզին մէջ ապահովուած է ո՛չ միայն ինքնաբաւութիւն, այլ նաեւ արտահանման կարելիութիւն:
Նախագահը շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ընկերային պետութիւն է, եւ ընկերային մարզը մշտապէս առաջնահերթութիւն է երկրի զարգացման օրակարգին մէջ` նշելով, որ պետութիւնը կը շարունակէ տարբեր ծրագիրներ իրականացնել բնակչութեան ընկերային-տնտեսական բարեկեցութեան բարձրացումին ուղղութեամբ` յատուկ ուշադրութիւն սեւեռելով ընկերային առումով խոցելի խաւերու, յատկապէս` զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինուորական ծառայութեան մասնակցողներու, բազմազաւակ եւ անապահով ընտանիքներու կեանքի որակի բարելաւումին վրայ:
Անդրադառնալով 2019-ին կատարուելիք աշխատանքներուն` Սահակեան նշած է, որ անհրաժեշտ է հաւանական բոլոր քայլերը առնել` նախատեսուած ծրագիրներուն պատշաճ իրականացման համար` շեշտելով պետական միջոցներու խնայողութեան ու արդիւնաւէտ օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button