
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Հակառակ շրջափակման մէջ ըլլալուն, Արցախի մէջ պաշտօնէ արձակման եւ նորերու նշանակման ընթացքը կը շարունակուի:
Այսպէս, Հրանդ Սաֆարեան հեռացուեցաւ գիւղատնտեսութեան, Արմէն Մանգասարեան` ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարի պաշտօններէն: Զանոնք պիտի փոխարինեն համապատասխանաբար` Գէորգի Հայրիյեան եւ Վահրամ Առաքելեան: Արամ Սարգսեան, որ շուրջ երկու ամիս առաջ նշանակուեցաւ քաղաքաշինութեան նախարար, այլեւս պիտի չղեկավարէ գերատեսչութիւնը. նախարարի պարտականութիւններուն կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահուեցաւ փոխնախարար Ազատ Համբարձումեանին:
Գէորգի Հայրիյեան հեռացուեցաւ ջրային կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն։ Այս պաշտօնը առժամաբար պիտի կատարէ կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Արարատ Խաչատրեան։
Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրամանագիրներ ստորագրած էր այս փոփոխութիւնները կատարելու վերաբերեալ։