
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի մէջ ազդանշանը տրուեցաւ աւանդական դարձած Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատանեկան ճամբարներուն: Արդէն իսկ 6-րդ տարին ըլլալով, տարբեր երկիրներէ Արցախ ժամանած են սփիւռքահայ երիտասարդներ՝ Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան հետ համատեղ ճամբարներ կը կատարեն Արցախի տարբեր բնակավայրերէ ներս:
Այս տարի ճամբարներու մեկնարկը տրուեցաւ Ասկերանի մէջ, ուր մօտ 140 երեխաներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, թէ՛ ամառնային ժամանց կատարելով եւ թէ՛ կարեւոր բաներ սորվելով:
Ասկերանի մէջ, կատարուած բացման հանդիսութեան ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ՝ Ալեօշա Գաբրիէլեանը, Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, շրջանի վարչակազմի ղեկավարութիւնը, նաեւ ուսուցիչներ:
Այս առթիւ խօսք առին Ալեօշա Գաբրիէլեան եւ վերջերս Ա.Մ.Ն. Արեւելեան աայցելած Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Այս վերջինը կարեւորելով պատանեկան ճամբարներու անցկացման ծրագրի նպատակները, նշեց.- «Պատանեկան ճամբարների նպատակն է` պատանիներին ազգային դաստիարակութեան մատուցումը, կազմակերպուածութիւն ու կարգապահութիւն սովորեցնելը, Սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ ամուր կապի ստեղծումը: Սրանք հզօր հայրենիք կերտելու գրաւականներ են»:
Պատանեկան ճամբարը կազմակերպուած է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութիւնը, համատեղ գործակցութեամբ` Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան: