
ՍՏԵՓԱՄԱԿԵՐՏ․- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յուլիս 7-ին ընդունեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:
Քննարկուեցան հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:
Սահակեան նկատել տուած է, որ պահանջուած են նման քննարկումներ, որոնք դարձած են աւանդական:
Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:
Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումէն ետք Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան լրագրողներուն յայտնեց թէ.- «Արցախը երբեք այսքան զգայուն, այսքան նուրբ, այսքան դիւրաբեկ վիճակի մէջ չէ յայտնուած: Մենք ունինք անվտանգութեան խնդիր, մենք խնդիր ունինք` այս փուլին ընելու ամէն ինչ, որպէսզի չէզոքանան արտաքին վտանգները: Այդ պատճառով պէտք է միասնականութիւն, ներքին միութիւն, կայունութիւն:
Ասիկա լուրջ հարց է, ասիկա Արցախի անվտանգութեան հետ կապուած խնդիր է: Ես պիտի ըսէի` անկէ աւելին ալ է: Հայ ժողովուրդը այսօր կրնայ լուրջ կորուստ ունենալ: Այդ կորուստը կը սկսի Արցախով եւ կը վերջանայ Հայաստանի անկախութեան կորուստով, եթէ մենք չզգաստանանք, եթէ չանդրադառնանք, որ համախմբուածութիւնը այսօր ամէնէն կարեւոր հարցն է:
Ամէնէն վտանգաւորը այս պահուն ներքին պառակտումն է, ներքին աթոռի համար մղուած պայքարն wu կռիւն է, որ պէտք է բացառել ամբողջութեամբ: Ղարաբաղը անցած 30 տարուան ընթացքին մեր այն ձեռքբերումն է, որ մենք իրաւունք չունինք որեւէ ձեւով վտանգելու: Վտանգել Արցախի ապագան` ազգային դաւաճանութիւն է: Եւ անկէ պէտք է խուսափիլ: Հարցը այն է, որ այս դիմադրութեան բերդը չեն կրնար գրաւել, եթէ ներսը` բերդին մէջ պառակտում չըլլայ: Եթէ բերդը չգրաւեն ներսէն, անկարելի է, որ կարենան դուրսէն գրաւել»: