ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՒԱՐԱԾ ԳԻՇԵՐ ՄԸ

0 0
Read Time:9 Minute, 40 Second

p5 yergrasharj ՆՈ­ՐԱ ԲԱՐ­ՍԵՂ­ԵԱՆ

Սա­լա­յա­տա­կէն սո­ղոս­կա­ցող դեկ­տեմ­բեր­եան ցո՞ւրտն էր ամ­բողջ մար­մինս դո­ղաց­նո­ղը, պատ­կե­րաս­փիւ­ռէն ցու­ցադ­րուող ահա­ւոր պատ­կեր­նե՞­րը, թէ՞ դուր­սը որո­տա­ցող ռում­բե­րուն դղրդիւն­նե­րը… Ան­կա­րող էի ճշդել, ան­կա­րող եմ նա­եւ այ­սօր:

Եր­կու մեթր լայնք ու շուրջ երեք մեթր եր­կայնք ու­նե­ցող, “ապա­հով“ սեն­եա­կի մը յա­տա­կին մէկզ­մէ­կու գրկած էինք տա­սը մա­նուկ­ներ ու չա­փա­հաս­ներ. արդ­եօք իրա­րու այդ­քան մօ­տե­ցած էինք, որ­պէս­զի իրար­մո՞վ ջեր­մա­նանք, իրա՞ր սփո­փենք, թէ՞ հրթիռ­նե­րուն առ­թած վա­խը նուա­զեց­նենք… Կրկին չէի կրնար ճշդել, ոչ ալ` այ­սօր:

Այդ օրը ան­մեղ ու մաք­րու­թիւն խորհր­դան­շող անձ­րե­ւը որ­քա՜ն խորթ ու ծուռ աչ­քով կը նա­յէր իրեն հետ մրցե­լու ելած ռում­բե­րուն, որոնք հետզ­հե­տէ անձ­րե­ւին մար­տահ­րա­ւէր կար­դա­լով, ա՛լ աւե­լի ուժ­գին կը տե­ղա­յին` անձ­րե­ւին ի տար­բե­րու­թիւն մահ ու աւեր սփռե­լով, կեան­քեր ընդ­հա­տե­լով: Կ՛անձ­րե­ւէր նա­եւ հոն, դի­մացս դրուած, սեւ¬ճեր­մա­կով ող­բա­լի պատ­կեր­ներ պար­զող պատ­կե­րաս­փիւ­ռէն ան­դին` խան­գա­րե­լով փրկա­րար աշ­խա­տանք­նե­րը: Այդ­տե­ղի անձ­րե­ւը ան­խիղճ էր, ան­տուն մնա­ցած ու շէն­քե­րուն մնա­ցոր­դա­ցին տակ ապաս­տա­նիլ փոր­ձող սար­սա­փա­հար­նե­րուն վրայ կը տե­ղար անխղ­ճօ­րէն, սա­ռոյ­ցի գնդիկ­նե­րուն նման հար­ուա­ծե­լով տա­կա­ւին իրենց ստա­ցած աստ­ուա­ծա­յին հար­ուա­ծէն չսթա­փած­նե­րը…

Ամէն օր “վեր­ջին օրը“ թուող, սա­կայն իւ­րա­քան­չիւր “վեր­ջի­նին“ հետ նոր “վեր­ջին“¬ի մը չգոր­ծադր­ուած խոս­տու­մը տուող ու կրկին դրժող պա­տե­րազ­մա­կան այդ դա­ժան օրե­րուն ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը եւս, մեծ թիւով լի­բա­նան­ցի­նե­րու նման, “ար­տա­գաղթ“¬ի պա­յու­սա­կը գրկե­լով հե­ռա­ցած էր Լի­բա­նա­նէն: Իբ­րեւ “ապա­հով“ վայր մե­զի տրա­մադր­ուած այդ սեն­եա­կին հե­ռա­տե­սի­լին կո­ճակ­նե­րուն ինք­նու­թեան ու գոր­ծե­լա­ո­ճին իսկ ան­ծա­նօթ էինք տա­կա­ւին: “Հա­ճե­լի“ անակն­կալ էր ելեկտ­րա­կա­նու­թեան տուած այ­ցե­լու­թիւնը. այս ան­նա­խըն­թաց առի­թէն օգտ­ուե­լով` հայրս իս­կոյն հե­ռա­տե­սի­լը մի­ա­ցու­ցած ու անոր կող­քին կանգ­նած էր ամ­բող­ջո­վին կար­կա­մած ու շնչակ­տուր…

Ին­ծի բա­ժին ին­կած ծած­կո­ցով կը փոր­ձէի մարմ­նիս փո­խա­րէն` ամ­բող­ջո­վին ծած­կել աչ­քերս ու ականջ­ներս, որ­պէս­զի չտես­նեմ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի պաս­տա­ռին վրայ տո­ղան­ցող մա­հա­բոյր պատ­կեր­նե­րը ու չլսեմ մե­ծե­րուն զրոյ­ցը, որուն հա­ւա­տալ կը մեր­ժէի… Պատ­կեր­ներ` հայ­րե­նի­քէս եկող ու ուղ­ղա­կի սիրտս թա­փան­ցող` Ազ­նա­ւու­րի “Նրանք ըն­կան“ եր­գին յու­զա­կա­նու­թեամբ ըն­կե­րա­ցող: “Վա՜յ, վա՜յ, խեղ­ճե՜ր, խեղ­ճե՜ր, այս ի՜նչ ահա­ւոր բան պա­տա­հած է այդ­տեղ“, “Սպի­տա­կը գետ­նին հա­ւա­սա­րած է, կար­ծես կան­գուն բնա­կա­րան չէ մնա­ցած, այս բուք¬բո­րա­նին ի՞նչ պի­տի ընեն վե­րապ­րող­նե­րը“, “Հի­մա վե­րապ­րող­նե­րուն մա­սի՞ն կը մտա­ծես, այս­պէս թէ այն­պէս պի­տի գո­յա­տե­ւեն, իսկ մա­հա­ցող­նե՞­րը, աւե­լի քան 25 հա­զար հայ անշն­չա­ցած է, կ՛ըմբռ­նե՞ս աղէ­տին տա­րո­ղու­թիւնը, տա­կա­ւին ո՞վ գի­տէ որ­քան ու­րիշ ծանր վի­րա­ւոր­ներ կրնան մա­հա­նալ, որ­քան անշն­չա­ցած մար­մին­ներ կրնան դուրս բեր­ուիլ այդ աւե­րակ­նե­րուն տա­կէն…“, “Տե­սա՞ք, մա­նու­կը աւե­րակ­նե­րուն տա­կէն կը փոր­ձէ դուրս գալ, թող մէ­կը օգ­նէ անոր, կրնայ վե­րապ­րիլ…“, “Աստ­ուած իմ, ին­չե՜ր կը կա­տար­ուի հայ ազ­գին, կրկի՞ն մահ, կրկի՞ն կո­րուստ, կրկի՞ն աւեր“…

Կը լռեն բո­լո­րը, հեծկլ­տու­քը տի­րա­կան էր, նոյ­նիսկ ռում­բե­րը լռե­ցին, այս­քան մեծ ող­բի դի­մաց կար­ծես անոնք եւս “ըսե­լիք“ չէ­ին գտներ:

Ծած­կո­ցին տա­կէն աչքս կ՛ուղ­ղեմ դէ­պի պատ­կե­րաս­փիւռ… Կին մը իր մե­ռած երեք զա­ւակ­նե­րուն կող­քին կանգ­նած` մերթ գլու­խը կը ծե­ծէ, մերթ իր անշն­չա­ցած զա­ւակ­նե­րը կը շո­յէ, մերթ ան­ցորդ­նե­րուն քով վա­զե­լով` կը գո­ռայ, կ՛ող­բայ, կը զայ­րա­նայ, ապա կրկին գե­տին կը նե­տէ ինք­զինք, հո՛ն, ուր իր սրտի հա­տոր­ներն են: Քիչ ան­դին` ծե­րու­նի մը կը խեղդ­ուի իր ար­ցունք­նե­րուն մէջ, իր բնա­կա­րա­նէն մնա­ցած մի­ակ սիւ­նին փաթթ­ուած եր­կինք կը նա­յի` պա­տաս­խան­ներ խնդրե­լով: Ու­րիշ պատ­կե­րի մը մէջ պա­պուկ մըն է` իր հնգամ­եայ թոռ­նուհի­ին դա­գա­ղէն բաժն­ուիլ մեր­ժող. “Ին­չո՞ւ ան, ին­չո՞ւ մա­նու­կը, հա­պա ե՞ս“… Ան­դին` մա­նուկ մը լքուած է ինք­նիր ճա­կա­տա­գի­րին, հա­ւա­նա­բար իր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան մի­ակ վկան մնա­ցած է… Ոչ ոք ու­րի­շին կը նա­յի, ոչ ոք կա­րո­ղու­թիւն ու­նի միւ­սը սփո­փե­լու, կող­քին գտնուո­ղին ցա­ւը կի­սե­լու, վիշ­տը թե­թեւց­նե­լու, ամէն ըն­տա­նիք ու­նի իր սու­գը, իր ող­բեր­գու­թիւնը…

Կրկին կը ծած­կեմ ամ­բողջ գլուխս` յու­սա­լով, որ այդ պատ­կեր­նե­րը կ՛ան­հե­տա­նան, բայց փակ աչ­քե­րով իւ­րա­քան­չիւր պատ­կեր իր ման­րա­մաս­նու­թեամբ աւե­լի ուժ­գին կը կրկնուի, մե­ծե­րուն ար­տա­սա­նած իւ­րա­քան­չիւր խօսք կրկին ու կրկին կը հնչէ ական­ջիս մէջ…

Ան­կա­րող եմ դի­մա­նա­լու, պայ­քարս աւար­տին հա­սած է ար­դէն, ես ալ կը յանձն­ուիմ հեծկլ­տու­քի ալի­քին եւ կը փոր­ձեմ պա­տանիի ու­ղե­ղիս ու սրտիս մէջ տե­ղա­ւո­րել այս բո­լոր անտ­րա­մա­բա­նա­կան ու ան­սիրտ երե­ւոյթ­նե­րը: Կը ձա­խո­ղին բո­լոր փոր­ձերս, կա­րե­լի չէ ըն­դու­նիլ ու ըն­կա­լել, չեմ ու­զեր հա­ւա­տալ: Կը ջա­նամ ան­հե­տաց­նել բո­լոր պատ­կեր­նե­րը` խաբ­կան­քով պա­րու­րել զա­նոնք… Սա­կայն Սպի­տա­կի, Գիւմրիի, Վա­նա­ձո­րի եւ մեր­ձա­կայ շրջան­նե­րու մա­նուկ­նե­րուն մա­սին կը մտա­ծեմ յատ­կա­պէս ու ան­դա­դար… Ան­տուն, անծ­նող եւ անօ­թի մա­նուկ­ներ, մեզ­մէ‘ լի­բա­նան­եան պա­տե­րազ­մի մա­նուկ­նե­րէս աւե­լի ող­բա­լի պայ­ման­նե­րու մէջ յայտն­ուած հայ մա­նուկ­նե­րը, իմ քոյ­րերս ու եղ­բայր­ներս, ինչ­պէ՞ս պի­տի շա­րու­նա­կեն այս դա­ժա­նա­ցած կեան­քի եր­թը: Երկ­վայրկ­եա­նի մը մէջ անոնք մար­մի­նի ան­դամ մը, ամ­բողջ ըն­տա­նիք մը կորսն­ցու­ցին, մահ­ուան ինչ ըլ­լա­լը չգիտ­ցող այդ մա­նուկ­նե­րը իրենց մայրն ու հայ­րը թա­ղե­ցին, զրկուե­ցան գէթ “ապա­հով“ սեն­եա­կէ մը, որուն յա­տա­կը փռուած բա­րակ ան­կո­ղի­նին վրայ իրենց մօր բա­զուկ­նե­րուն մէջ կծկուիլն իսկ ար­դէն ան­կա­րե­լի դար­ձաւ իրենց հա­մար: Հա­կա­ռակ ռմբա­կո­ծում­նե­րուն` ես վա­ղը դպրո­ցի ար­կա­ծախնդ­րա­կան ճամ­բան պի­տի բռնեմ կրկին, դա­սըն­կեր­ներս տես­նե­լով` պի­տի մոռ­նամ նա­խորդ գի­շեր­ուան ռում­բե­րու ելոյ­թը, կամ այդ մա­սին պատ­մե­լով` պի­տի թե­թեւ­նայ հո­գիս: Իսկ ո՞ւր են Սպի­տա­կի, Գիւմրիի, Վա­նա­ձո­րի դպրոց­նե­րը, ո՞ւր են այդ առան­ձին մնա­ցած եւ ապ­շա­հար շուր­ջը դի­տող մա­նու­կին դա­սըն­կեր­նե­րը, մի­թէ գե­տի­նը բաց­ուե­լով զա­նոնք կուլ չտուա՞ւ` շատ ու շատ ու­րիշ­նե­րուն հետ…

Հեծկլ­տուքս կը փոխ­ուի բարձ­րա­ձայն լա­ցի, շուր­ջին­ներս կը փոր­ձեն սփո­փել զիս, գրկել, սի­րել… Կը մեր­ժեմ անոնց սէրն ու գուր­գու­րան­քը` տար­ուած ըլ­լա­լով բախ­տով այն մա­նուկ­նե­րուն, որոնք զրկուած են այդ գուր­գու­րան­քէն ու սէ­րէն, իրենց ար­ցունք­նե­րը սրբող չու­նին հի­մա, նոյ­նիսկ չու­նին ծած­կոց մը` փա­կե­լու իրենց աչ­քերն ու ականջ­նե­րը, չտես­նե­լու ար­հա­ւիր­քը, չլսե­լու ող­բեր­գու­թեան մե­ղե­դին, չզգա­լու կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու փա­փա­քը կոր­ծա­նող վիշ­տը…

Կրկին Ազ­նա­ւու­րին ձայ­նը կը հնչէ` “Նրանք ըն­կան“, կրկին մի­եւ­նոյն պատ­կեր­նե­րը կը ցու­ցադր­ուին, ամ­բողջ աշ­խար­հին ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տը Սպի­տա­կի երկ­րա­շարժն է, լու­րե­րը միայն այդ մա­սին կը խօ­սին, կա­յան­նե­րը նո­րա­նոր նկար­ներ կը խոս­տա­նան, թարմ լու­րե­րու հա­մար կը խնդրեն, որ միշտ իրենց հե­տե­ւող ըլ­լանք…

Բայց…

Բայց ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը կրկին կ՛ո­րո­շէ “ար­տա­գաղ­թել“` պար­տա­կա­նու­թիւնը կա­տա­րա­ծի գո­հու­նա­կու­թեամբ: Ի՜նչ պար­տա­կա­նու­թիւն… Սեւ կը հագ­նի ամ­բողջ սեն­եա­կը, հա­ւա­նա­բար այդ պահ­ուն ամէ­նէն ճիշդ ու յար­մար գոյ­նը, նոյ­նիսկ ռում­բե­րը կը յար­գեն 25 հա­զար հա­յու յի­շա­տա­կը ու լռու­թիւն կը պա­հեն, սե­ւու­թիւնը չեն ճեղ­քեր իրենց փայ­լա­տա­կում­նե­րով:

Մա­նուկ­նե­րուն պատ­կեր­նե­րը աչ­քե­րուս ու ու­ղե­ղիս մէջ` մեղմ ու ցած ձայ­նով կը փսփսամ մօրս.

Մա՛մ, ինչլաւեղաւ, որելեկտ­րա­կա­նու­թիւնըան­ջատ­ուե­ցաւ, չէ՞:

Պա­տաս­խա­նի փո­խա­րէն, մօրս ար­ցուն­քի կա­թիլ­նե­րը կը թրջեն այ­տերս` մի­ա­նա­լով իմ ար­ցունք­նե­րուս, իսկ իր գուր­գու­րոտ բա­զուկ­նե­րը սո­վո­րա­կա­նէն տար­բեր ուժգ­նու­թեամբ կը գրկեն դողդ­ղա­ցող մար­մինս…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles