Շիքակօ.- Ճասթըն ՄըքՔարթիի Դէմ Բողոքի Ցոյց

0 0
Read Time:1 Minute, 1 Second

chicago

Շիքակոյի համալսարանի խումբ մը հայ եւ օտարազգի աշակերտներ, իրենց բողոքը արտայայտեցին՝ ընդդէմ Ճասթըն ՄըքՔարթիի «Հայերն ու թուրքերը. Ազգայնականութիւն եւ բախում Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագիրով ելոյթին, որ հովանաւորուած էր տեղւոյն թրքական հիւպատոսարանին եւ թուրք-ամերիկեան մշակութային դաշնակցութեան կողմէ:
Ձեռնարկը դիտմամբ կազմակերպուած էր Ապրիլ 25ին:
ՄըքՔարթի բազմաթիւ պատմաբաններու եւ Համաշխարհային ցեղասպանագէտներու միութեան կողմէ ճանչցուած եւ որակուած է իբրեւ ցեղասպանամերժ պատմագէտ: Ան պիտի ներկայացնէր իր վերջին գիրքը, որ կը դրուատէ հայ-օսմանեան յարաբերութիւնները՝ կայսրութեան վերջին քանի մը տասնամեակներուն:
Նախքան ձեռնարկին սկիզբը, համալսարանի Հայ աշակերտաց, Պաղեստինի արդարութեան եւ Համա-հելլէնական աշակերտաց միութիւններու անդամները սրահի մուտքին ցրուեցին թերթիկներ՝ դատապարտելով թրքական այս նախաձեռնութիւնը: Հազիւ դասախօսը սկսաւ արտասանելու իր խօսքը, ցուցարար աշակերտները ոտքի կանգնելով՝ իրենց կռնակը դարձուցին օրուան բանախօսին եւ իբրեւ բողոքի նշան՝ կարմիր եզրերով փակեցին իրենց բերանները: Քանի մը վայրկեան յոտնկայս լուռ մնալէ ետք, ցուցարարները լքելով դահլիճը՝ դուրս ելան, այսպիսով դատապարտելով ՄըքՔարթիի ժխտողապաշտ կեցուածքը:
«Շիքակոյի համալսարանը ունի խօսքի ազատութեան իրաւունքի պահպանման երկար պատմութիւն: Բայց Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային, պատմական իրողութիւններն ու փաստերը յայտնի են, եւ ժխտողականութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով թոյլատրելի է», ընդգծեց Հայ աշակերտաց միութեան անդամ Տարօն Պետեան,
որ նաեւ Շիքակոյի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Արարատ» մասնաճիւղին ատենապետն է:
«Պիտի ուզենք համալսարանի տնօրէնութենէն, որ ապագային չթոյլատրէ թրքական հիւպատոսարանին կողմէ հովանաւորուած նման նախաձեռնութիւններ, որոնք կը միտին խեղաթիւրել ճշմարտութիւնը», եզրակացուց Պետեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles