

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Հինգշաբթի, Յունիս 9-ին, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արցախին նուիրուած ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ շրջանի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» կոմիտէութեան: Օրուան բանախօսն էր Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի եւ «Հայրենիք»ի կողմէ հրաւիրուած Արցախի Ազգային Ժողովի անդամ՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ անդրադարձաւ վերջին անցուդարձերուն մասին, յատկապէս ծանրանալով, անցեալ Ապրիլի սկիզբները ծայր առած քառօրեայ պատերազմին եւ անոր անմիջական հետեւանքներուն մասին:
«Նախայարձակն էր Ատրպէյճանը, որ զինուած էր ամենէն աւելի արդի կազմուածներով: Սակայն հակառակ ասոր, մեր հայրենի զինուորները կրցան փոխադարձել եւ բռնօրէն դիմադրել: Հազիւ 18-20 տարեկան երիտասարդներ, որոնք նոյնիսկ չեն ապրած Խորհրդային Միութեան օրերը, կրցան նոյնքան հերոսական մարտեր մղել, որքան 1990ականներու իրենց հայրերը: Յիշատակելի է նաեւ ստեղծուած այդ հաւաքն ու արշաւը դէպի Արցախ: Ո՛չ թէ միայն Արցախէն ու Հայաստանէն, այլ սփիւռքէն հայորդիներ ժամանեցին ռազմաճակատ եւ ինքզինքնին տրամադրեցին օրեր շարունակ կազմ ու պատրաստ պատերազմելու եւ պաշտպանելու հայրենի հողը», ըսաւ Յովհաննիսեան, որ նաեւ ցուցադրեց վաւերագրական ժապաւէն մը, այս քառօրեայ պատերազմին մասին:
Ան իր եզրակացութեան մէջ, յայտնեց թէ արտօնելի չէ այս պատերազմը կորսնցնելը: Նշենք թէ, Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքը, տեղւոյն վրայ թարգմանեց Արա Առաքելեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Պոսթընի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» կոմիտէութեան հերթապահ Ճոշ Թեվէքելեան: Իսկ աւարտին կատարուեցաւ հարց-պատասխան եւ հիւրասիրութիւն: