
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ»).- Փետրուար 6-ին, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ շտեղի է ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնած «Արցախը ստեղծագործում է» խորագրով ցուցաահանդէսը:
Բացման ելոյթով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեանը, որ միութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, հակառակ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն:
Ցուցադրուեցան Ստեփանակերտի, Շուշիի, Հատրութի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի, Շահմասուրի, Վանքի, Հացիի, Սպիտակաշէնի, Խնուշինակի եւ Ճարտարի տաղանդաւոր երեխաներու աշխատանքները:
«Ծրագրի իրագործման համար համագործակցել ենք Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան հետ, ինչպէս նաեւ Արտադպրոցական ծրագրի բաժնի վարիչ Արմէն Պետրոսեանին հետ:Այս ծրագիրը, նպատակ ունի Արցախի պատանիների շրջանում սեր առաջացնել դէպի հայկական մշակոյթը, յատկապէս յետպատերազմեան շրջանում, ինչպէս նաեւ մեր հանրութեանը բացայայտել տաղանդաշատ պատանիներին եւ ցուցադրել նրանց աշխատանքները: Ծրագիրն ի սկզբանէ յայտարարուել էր ասեղնագործութեան, շիւղագործութեան եւ ուլունքագործութեան ասպարէզներում, սակայն քանի որ ներկայացուած աշխատանքները տարատեսակ եւ բազմաբովանդակ էին, որոշռցինք ընդլայնել եւ իւրքանաչիւր շրջանից ընտրել ներկայացուած լաւագոյն աշխատանքը», զեկուցեց Անի Յովհաննիսեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ արտադպրոցական ծրագրի բաժնի վարիչ Արմէն Պետրոսեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայացուած աշխատանքներու հեղինակներուն եւ անոնց ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ նշեց, որ նախարարութիւնը կը համագործակցի տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, որոնց շարքին է Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութիւնը: Արմէն Պետրոսեանը նաեւ շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ.-ի 131-ամեակը:
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Արցախի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալիոնա Գրիգորեանը: Ան ողջունեց մասնակիցներուն եւ նշեց, որ յատկապէս պատերազմէն ետք, խիստ կարեւո եւ առաջնահերթ են նմանօրինակ մշակութային ձեռանրկները:
«Յուզուած եմ, տեսնելով Հատրութից, Շուշիից ներկայացուած աշխատանքները: Յոյսով եմ, որ Հատրութիւմ եւս առիթ կ’ունենանք նման միջոցառումներ կազմակերպել: Արցախի կողքին ենք մնալու շարունակ», ըսաւ Ալիոնա Գրիգորեան:
Խօսք առաւ ձեռագործ իաշխատանքներու մասնագէտ Կարինէ Գրիգորեան, որ ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, դժուարին պայմաններու տակ նման ցուցահանդէս կազմակերպելու համար:
Ցուցահանդէսի աւարտին 12 լաւագոյն աշխատանքներ արժանացան պատուոգրերու եւ նուէրներու, Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան կողմէ: