ԱՐՑԱԽԸ ՊԱՏԱՆԴ Է

0 0
Read Time:2 Minute, 32 Second

Ա.Ա.

Արցախի ազատ շրջաններուն աւելի քան հարիւր քսան հազար բնակչութիւնը պատանդ է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ձեռքերուն մէջ։ Արցախեան երկրորդ պատերազմին ծանր պարտութենէն ետք, ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը աւելի քան վտանգաւոր է արցախահայութեան համար, որովհետեւ արցախցիք կը գտնուին տնտեսական շրջափակման եւ տարրական պէտքերու չգոյութեան առաջնորդող իսկական վտանգին տակ։Ատրպէյճանցիք իրենց հակակշիռին ենթակայ եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ծիրին մէջ ինկող Շուշի- Լիսագոր հատուածին մէջ գտնուող կազատարը վերածած են ճնշումի զէնքի մը, որ կը գործածուի՝ արցախահայութիւնը ծունկի բերելու համար։ Մարտ 7-ին Հայաստանէն Արցախ բնական կազ փոխադրող կազատարին այդ հատուածը խորհրդաւոր պայմաններու մէջ վնասուեցաւ՝ Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը բնական կազէ զրկելով։ Ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ կատարուած եւ տասնմէկ օր տեւած բանակցութիւններէն ետք ատրպէյճանցիք ի վերջոյ նորոգեցին կազատարը, որ քանի մը օր բնական կազը Հայաստանէն Արցախ հասցնելէ ետք, դարձեալ արցախցիք զրկուեցան կազէն, որովհետեւ այս անգամ յստակացաւ, որ ատրպէյճանցիք կազատարը փակած են։ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները՝ հիմնուելով հաստատ տեղեկութիւններու վրայ, յայտարարեցին, որ Շուշի- Լիսագոր հատուածին մէջ գտնուող կազատարին նորոգութիւնը կատարելէ ետք, ատրպէյճանցիք կազատարին վրայ ծորակ հաստատած են եւ յայտնապէս զայն փակած են՝ կազին հոսքը կասեցնելով։

Կազատարին վերաբացման համար բանակցութիւնները կը կատարուին ռուսերուն եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ։ Բանակցութիւններ, որոնք կրնան արդիւնք տալ եւ կազատարը կրնայ վերաբացուիլ։ Սակայն ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արցախահայութիւնը պատանդ վերցուցած են եւ իր հայրենի հողերուն վրայ ազատօրէն ապրելու վճռակամութեամբ դիմացող ժողովուրդին տարրական պէտքերը սակարկութիւններու խաղաքարտի եւ ճնշումի զէնքի վերածելով՝ պիտի գործադրեն հայաթափման ծրագիրը։
Նման չափազանց վտանգաւոր կացութեան մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ սուր տակարծութիւնները կը յամենան՝ առաւել բարդացնելով իրավիճակը։
Ազգային Ժողովին մէջ դռնփակ նիստի մը ընթացքին քննարկման առարկայ դարձաւ Արցախի ժողովուրդին սպառնացող վտանգը, որ այս օրերուն ապրուստի եւ կենսական կարիքներու մատակարարման դէմ ատրպէյճանական արգելքներու պատճառով ստեղծուած է։ Քննարկումներէն ետք, իշխող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ պիտի չքուէարկէ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային աղէտալի վիճակը դատապարտող նախագիծին, որ բնականաբար ձախողութեան մատնուեցաւ՝ անգամ մը եւս երեւան հանելով իշխանութիւններ – ընդդիմութիւն սուր տարակարծութիւններու ազգավնաս սպառնալիքը։ Իշխող խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Գոնճորեանի համաձայն, իշխանութիւնները թէեւ կը բաժնեն նախագիծին մէջ նշուած դիրքորոշումները, սակայն կը համարեն, որ ներկայիս յարմար չէ պահը, որպէսզի յայտարարութեամբ մը դատապարտուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը։ Գոնճորեան նաեւ նշեց, որ Երեւանի իշխանութիւնները իրենց բոլոր միջոցները եւ կարելիութիւնները ի գործ դրած են, որպէսզի Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերը լուծումներ գտնեն։
Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները այլ տպաւորութիւն ունին։Նախագիծին հիմնական զեկուցող, «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան համոզում յայտնեց, որ իշխանութիւններուն մերժողական դիրքորոշման իսկական պատճառը նախագիծին մէջ տեղ գտած կարծր դիրքորոշումներն էին, որովհետեւ ներկայիս իշխանութիւնները կը վարեն մեղմ կեցուածքներու միջոցով լարուածութիւնը կանխելու քաղաքականութիւն մը։ Իսկ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան՝ անհասկնալի համարելով նման հրատապ խնդիր մը դռնփակ նիստի մը ընթացքին քննարկելու խորհրդարանական մեծամասնութեան քայլը, յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը չստացաւ զինք յուզող հարցերուն պատասխանները, հակառակ անոր որ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան ներկայ գտնուեցան դռնփակ նիստին եւ զեկուցեցին Արցախի դիմագրաւած տագնապալի իրավիճակին մասին։ Ընդդիմութիւնը երկու հարցերու վերաբերեալ յստակ բացատրութիւններ կը պահանջէր։ Առաջինը կը վերաբերէր կազատարին շուրջ կայացող բանակցութիւններուն հոլովոյթին, իսկ երկրորդը՝ նման տագնապներու պարագային կառավարութեան մշակած ծրագրերուն։
Նման իրավիճակի մը մէջ է, որ մտավախութիւնները կը հիմնաւորուին, թէ Արցախն ու արցախահայութիւնը մտած են հայաթափման եւ հայրենազրկման իսկական վտանգներու հանգրուանը։ Իսկ երբ Ազգային Ժողովը նոյնիսկ չի կրնար դատապարտանքի յայտարարութեան նախագիծ մը վաւերացնել, վտանգը առաւել քան կը շեշտուի։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles