Արցախէն Հնչող Պահանջը

0 0
Read Time:2 Minute, 24 Second

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

30 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակը հաւաքուեցաւ Արցախի ողջ ժողովուրդը: Արցախի ժողովուրդը, 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Փաշինեան, Ալիեւ եւ Փութին եռակողմ հանդիպման նախօրեակին ըսաւ իր վճռական մերժումը Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու նախապատրաստուող որոշման դէմ: 27 հոկտեմբերին, «Վալտայ» ակումբի հանդիպման ընթացքին Փութին յայտարարած էր, որ ուաշինկթընեան համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչում. եթէ Հայաստանը ասիկա կ՛ընտրէ, ապա խնդրեմ, մենք չենք կրնար հակառակը պարտադրել:

Ի՞նչ է ուաշինկթընեան համաձայնագիրի նախագիծը: 27 սեպտեմբեր 2022, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Հայտար Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն մշակած են խաղաղութեան պայմանագիրի տարբերակ մը, որ առանցքային խօսակցութեան նիւթ դարձած է Փրակայի մէջ, 6-7 հոկտեմբերին Եւրոպական քաղաքական համայնքի ժողովի ծիրին մէջ կայացած քառակողմ հանդիպման ընթացքին (Փաշինեան, Ալիեւ, Մաքրոն եւ Շարլ Միշել): Փրակայի մէջ յայտարարուած էր, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը հաստատեն իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը:

Ուաշինկթընեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթը ունի բազմաթիւ կէտեր, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի Արցախին: Փաստաթուղթը կ՛ըսէ հետեւեալը. «Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛առաջադրէ ներկայացուցիչ մը, որ կ՛աշխատի համանման ներկայացուցիչին հետ` Ղարաբաղի էթնիկ հայ համայնքին կողմէ նշանակուած` Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան քննարկումներ կատարելու համար: Ներկայացուցիչները իրենց քննարկումներուն թափանցիկութիւնը կ՛ապահովեն միջազգային հանրութեան: Կողմերը կը շարունակեն քննել միջազգային դիտորդի հնարաւոր կարգավիճակը` առանց Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը բռնաբարելու, նպատակ ունենալով վստահութիւնը ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութեան խումբերու պաշտպանութեան առնչութեամբ:

Վերեւի շարադրուածը դիւանագիտական բաց բնագիրով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն հրաժարում կ՛ենթադրէ: Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ ինք կը պատրաստուի ստորագրել հրամցուած փաստաթուղթը, զայն նկատելով Հայաստանի 29.800 քառ. քիլոմեթր տարածքի անվտանգութեան երաշխիքը:

Երկու տարիէ ի վեր, բանակցութիւններու ընթացքին կը թուէր, որ Արցախը մոռցուած է, կամ խաղէն դուրս մղուած: Բաւեց, որ Ռուսիան եւ Արեւմուտքը բուռն կերպով հակադրուին, որպէսզի թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը վերյիշեն, որ Արցախ ու հոն ապրող ժողովուրդ գոյութիւն ունին: Ռուսիա, որ Արցախի հարցը կը փորձէր մոռացութեան տալ, յանկարծ անոր ինքնիշխանութեան հաւանական երաշխաւորի տպաւորութիւն կը բացայայտէ: Իսկ Արեւմուտքին համար, Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ, թերեւս ալ միջազգային դիտորդներու անունին տակ այնտեղ ալ թափանցելու կարելիութիւն մը ընծայելով իրեն:

Արցախի ժողովուրդի մերժումը յստակօրէն բանաձեւուած է խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ: «Հայաստանի Հանրապետութեան ո՛չ մի իշխանութիւն իրաւունք չունի հրաժարուել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու առաքելութիւնից»: Աւելի անդին` «Պահանջում ենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններից` միջազգային հարթակներում հանդէս գալ հայկական երկու հանրապետութիւնների միասնական շահերը պաշտպանելու դիրքերից` հիմք ընդունելով առկայ հիմնաւոր փաստաթուղթերը, մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը եւ Գերագոյն խորհուրդի 1992 թուականի Յուլիսի 8-ի պատմական որոշումը»:

Հայաստանի ժողովուրդը այլեւս չի կրնար անտարբերութիւն ձեւացնել: Ժողովուրդը իշխանութենէն պէտք է պահանջէ վերջ տալ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ երերացող խաղերուն եւ տէր կանգնիլ իր պարտաւորութեան, ինչպէս կը պահանջէ Արցախի խորհրդարանի կոչը: Ինչպէս 1988-ին, արցախեան պահանջատիրութեան սկիզբին, հայութիւնը միակամ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, տէր պէտք է կանգնի Հայաստանի եւ Արցախի միասնական պայքարին:

Դիմադրութեան շարժման հրաւիրած հանրահաւաքը, 5 Նոյեմբերին, ի պաշտպանութիւն Արցախէն հնչած պահանջներուն, պէտք է համախմբէ ողջ հայութիւնը:

Պահանջատիրական պայքարը 1988-ին սկսաւ Արցախէն: Այժմ կը վերսկսի Արցախէն: Արցախէն առկայծող բոցը բռնկեցուց ամբողջ հայկական աշխարհը: Նոյնը պէտք է պատահի նաեւ հիմա:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles