Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Տօնական Հանրահաւաք Ստեփանակերտի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second


Փետրուար 13-ին, Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած` Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է տօնական երթ եւ հանրահաւաք: Երթի մասնակիցները պաստառներով, դրօշներով, կոչերով, «միացում» կանչելով մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներէն քալեցին դէպի Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակ, ուր կայացաւ Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկը:
Հանրահաւաքին օրհնութեան խօսք յղեց Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ Արցախի թեմի Առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան: Ներկայ էին նաեւ Արցախի հանրապետութեան փոխ-նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, պատգամաւորներ, Արցախեան շարժման առաջամարտիկներ եւ անոնց գործը այսօր շարունակող երիտասարդներ եւ հիւրեր:
Հանրահաւաքին՝ Արցախեան շարժման 30-րդ տարեդարձին առիթով՝ Շնորհաւորական ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան` յայտնելով, որ 1988 թուականը բեկումնային եղած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
«Երեք տասնամեակ առաջ, այս օրերուն, համայն հայութիւնը համախմբուեցաւ, դարձաւ մէկ բռունցք` ողջ աշխարհին ազդարարելով սեփական բնօրրանին մէջ ազատ ու անվտանգ ապրելու համար մաքառելու իր պատրաստակամութեան մասին: Համաժողովրդական այս պոռթկումը մարտահրաւէր էր բռնատիրութեան, հալածանքներու, մարդու իրաւունքներու խախտումներու, բոլոր այն արհաւիրքներուն, որոնց մէջէն անցած է մեր ժողովուրդը իր բազմադարեայ պատմութեան ընթացքին: Եւ այս շարժման պսակը դարձաւ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը: Այս գոյապայքարին մէջ, դժբախտաբար, մենք ունեցանք նաեւ անդառնալի կորուստներ: Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած են մեր ժողովուրդի լաւագոյն զաւակները: Անոնք զոհ չեն, անոնք մարտիրոսուած հերոսներ են, որոնք անմահացան եւ կը շարունակեն իրականացնել հայրենիքի պաշտպանի իրենց սուրբ առաքելութիւնը` ոգեշնչելով եւ պարտաւորեցնելով` անմնացորդ ծառայելու հայրենիքին, աշխատելու ի փառս անոր զարգացման ու զօրացման: Այս բոլոր տարիներուն ընթացքին մենք մշտապէս զգացած ենք Մայր Հայաստանի յատուկ հոգատարութիւնը Արցախի նկատմամբ: Անհնարին է պատկերացնել մեր ձեռքբերումներն ու յաղթանակները առանց Հ.Հ. գործուն եւ անմիջական մասնակցութեան: Այսօր ալ միասին կը լուծենք մեծ ու պատասխանատու խնդիրներ: Բոլորս հաստատակամ ենք եւ պիտի ընենք հնարաւորը, որպէսզի վաղուան օրը ըլլայ յուսալի, մեր հայրենիքը` աւելի հզօր ու բարեկեցիկ: Հակառակորդը միշտ պէտք է գիտնայ, որ մեզի հետ ուժի լեզուով խօսիլը դատապարտուած է ձախողման: Մեր ժողովուրդը, մեր բանակը եւ ողջ հայութիւնը որեւէ պահու արժանի հակահարուած պիտի տայ մեր ազատութեան ու անվտանգութեան սպառնացող իւրաքանչիւր ոտնձգութեան»,- յայտնեց Նախագահը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles