«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»ը, 23 Հոկտեմբերին հաղորդած էր, թէ Համաշխարհային փառատօներու միութիւնը (WOFA) չեղարկեց Նոյեմբերին Վիեննայի մէջ նախատեսուած միջազգային փառատօնի կազմակերպութեան անդամակցող Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթի մասնակցութեան պաշտօնական հրաւէրը: Կեդրոնը 24 Հոկտեմբերին հաղորդեց, որ կազմակերպչական կոմիտէն հրատապ նիստ գումարած է՝ դիտել տալով, որ նիստին արդիւնքներուն եւ ընդունուած որոշումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տան: Հաղորդուած էր նախապէս, որ չեղարկման համար միջամտութիւն կատարուած է շարք մը դեսպանատուներու կողմէ, որոնք Արցախի մշակութային համոյթները նկատած են «վտանգաւոր»: «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» կազմակերպութիւնը հրապարակեց Համաշխարհային փառատօներու միութեան պաշտօնական գրութիւնը` Վիեննայի միջազգային փառատօնին արցախեան մշակութային համոյթներու մասնակցութեան հարցի վերաբերեալ․ «Գրութեան համաձայն` որոշ դիւանագիտական ներկայացուցիչների արտայայտած մտահոգութիւնների հիման վրայ առաջարկուել է չեղարկել մեր համոյթների մասնակցութեան հրաւէրը: «Առանձնապէս մտահոգիչ է պաշտօնական գրութեան մէջ տեղ գտած այն ձեւակերպումը, ըստ որի` «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կենտրոն» ՀԿ ենթադրաբար ներգրաւուած է «անջատողական գործունէութեան» մէջ: «Մինչդեռ պաշտօնական գրութիւնը չի պարունակում որեւէ փաստական հիմնաւորում, որը կը հաստատէր նման պնդումը: «Թէեւ կազմակերպիչը նախապէս խոստացել էր պաշտօնապէս պարզաբանել, թէ կոնկրէտ (ճշգրիտ) ո՛ր երկրների դիւանագիտական ներկայացուցիչներից են ստացուել այդ մտահոգութիւնները, մինչ այս պահը մեզ համապատասխան տեղեկութիւն չի տրամադրուել: «Միաժամանակ, WOFA-ի նախագահ Զօրան Ստրեզովսքին անձնական նամակագրութեամբ յայտնել էր, որ, ի նշան մեզ աջակցութեան, պատրաստ է նոյնիսկ առաջարկել չեղարկել ամբողջ փառատօնը: «Այսօր` Հոկտեմբերի 24-ին, ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ WOFA-ի կազմակերպչական կոմիտէն հրատապ նիստ է գումարել: Նիստի արդիւնքների եւ ընդունուած որոշումների մասին կը յայտնենք լրացուցիչ: «Մենք անընդունելի ենք համարում մշակութային կազմակերպութեան հասցէին նման լուրջ պնդումների ներկայացումը` առանց դրանց փաստական հիմքերը ներկայացնելու: «Ստեղծուած իրավիճակը դուրս է մէկ փառատօնի շրջանակներից եւ առնչւում է մշակութային իրաւունքների պաշտպանութեանը, ինչպէս նաեւ միջազգային մշակութային համագործակցութեան ազատութեանը», կը նշուի «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-ի յայտարարութեան մէջ։