Լրահոս

Արցախահայութեան Նուիրուած Խորհրդաժողով՝ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ 

 

ՓԱՐԻԶ.-  Արցախի ցեղային զտումէն երկու տարի ետք՝ 18 Սեպտեմբերին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը` պատգամաւոր եւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Էմանուէլ Մանտոնի նախաձեռնութեամբ:

Ժողովին մասնակցեցան Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, դիւանագէտներ, փորձագէտներ, համալսարանականներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարձր ներկայացուցիչներ, որոնք վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին:

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button