ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՀՈՍԱՆՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

ardakaght Հայորդիի նկարագի՞ր…թէ աւելի բարեկեցիկ ու լաւ պայմաններու մէջ գոյատեւելու փնտռտուք: Ինչ որ ալ ըլլան դրդապարճառները, կը նկատուին գերմտահոգիչ: Դանակը ոսկորին հասած ըլլալու մասին վիճաբանիլն անգամ անտեղի է կամ յար եւ նման է ջայլամի քաղաքականութեան, մանաւանդ երբ ստոյգ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ հայրենիքի բնակչութեան քառասուն առ հարիւրը կը փափաքի արտագաղթել, եթէ պայմաններ ու կարելիութիւններ ստեղծուին:

Անցնինք աւելի յստակ ու ցցուն փաստերու կամ եղելութիւններու: Դեռ հազիւ երկու ամիս առաջ, Բագրատաշէնի հայ-վրացական սահմանին վրայ երկու տասնեակ փոխադրակառքեր, բեռնաւորուած ճամբորդներով եւ ճամպրուկներով կը փոխադրէին աւելի քան եօթ հարիւր հայորդիներ: Անոնք ապահոված էին իրենց երթի տոմսը…չկար դարձ: Այս “անդարձներ“ը, որոնք ընդհանրապէս գիւղական միջավայրի բնակիչներ էին, ժամանած Վանաձորէն, Ալավերտիէն, Հոկտեմբերեանէն, Էջմիածինէն եւ անշուշտ Երեւանէն, կ՛ուղղուէին դէպի Քրազնոտար, Տոնեցք, Ռոստով, Վորոնէժ, Սոչի, Սամարա եւ անշուշտ Մոսկուա:

Տեսարանը յուզիչ ու մտահոգիչ էր: Այս հողէն հասկցող, հողին բարեկամ հողագործները, շարունակ պիտի գործէին հողին հետ, սակայն օտար ու ցուրտ հողին հետ, որ հաւանաբար արգասաբեր ու բերրի է, սակայն հոտն ու համը` անծանօթ ու արտառոց:

Ինչպէ՞ս պայքարիլ այս համաճարակին դէմ, մանաւանդ երբ նկատի առնենք որ Հայաստանի երկու հարեւան երկիրներէն` Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ մթնոլորտը բոլորովին տարբեր երեւոյթ կը պարզէ: Արդարեւ, այս երկու երկիրներու պարագային ալ, իրենց հայրենիքէն հրաժեշտ առնելու ցանկութիւն ունեցողներուն թիւը, հազիւ թէ կը գերազանցէ տասնըհինգ առ հարիւր տոկոսը:

Այս երկրէն հեռացողները ոչ մէկ յոյս ու հեռանկար կը տեսնան, դէմ յանդիման գալով տիրող զեղծարարութեան, փտտածութեան եւ ապականած մթնոլորտին:

Ամսական դրութեամբ ներկայացուած այս ցուցատախտակները, վերջերս հետեւողականութեամբ չեն ներկայացուիր, եւ զանազան պատճառաբանութիւններ մէջտեղ բերելով Հայաստանի գաղթականութեան պետական ծառայութիւնը չի հրապարակեր թուական պատկերը, յաւելեալ մտահոգութիւն ու յուսախաբութիւն ստեղծելով:

Դեռ աւելին, Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի մէջ իրագործուող “Հայրենակիցներ“ (Ռուսաստանի հեռաւոր անկիւններուն մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատելու յօժարող անձեր) ծրագիրը կասեցուած է, մինչեւ 2016 թուական, որովհետեւ դիմումնագրերու հոսքը հասած է առաւելագոյն սահմանին: Եւ հակառակ ասոր, ցանկացողներու եւ “տը ֆաքթօ“ արտագաղթողներու թիւը ոչ մէկ անկում կրած է:

Այս հեռացողները ոչ մէկ յոյս ու հեռանկար կը տեսնան, դէմ յանդիման գալով տիրող զեղծարարութեան, փտտածութեան եւ ապականած մթնոլորտին:

Ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ այս կացութեան դէմ: Արդե՞օք վերջերս փոխադրամիջոցներու սղաճին դէմ մղուած պայքարն ու արձանագրուած յաջողութիւնը, կարելի է  նկատել յոյսի նշոյլ մը:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Պոսթըն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles