ԱՐՈՒԵՍՏ.- ԵՂԵՌՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 3 Second

Մովսէս Ծիրանի

“Կերպարուեստը զէնք է թշնամիին վրայ յարձակելու եւ անկէ պաշտպանուելու համար“

-Փապլօ Փիքասօ

Նաթալի Լապաքի - ``Վերածնունդ``

Պատմութեան ընթացքին ցեղասպանութիւնները իրագործուած են այնպիսի մարդոց ձեռքով, որոնք ոչ անձնական հարցեր ունեցած են զոհերուն հետ եւ ոչ ալ նոյնիսկ ճանչցած են զանոնք: Այլ, պարզապէս հրահանգի տակ եղած են, այնպիսի բռնակալներու, որոնք գազանաբարոյ դաժանութեամբ ծրագրած եւ կազմակերպած են անմեղներու ոչնչացումը` շահադիտական յետին նպատակներով: Ինչպէս գրողներն ու այլ տեսակի արուեստագէտներ, կերպարուեստագէտներէն շատեր եւս ի տես այս տեսակ հակամարդկային արարքներու հակազդած եւ կերտած են մնայուն արժէք ներկայացնող երկեր: Ինչպէս` Էօժէն Տէլաքրուայի թուրքերու կողմէ յոյներու “Կոտորածը Քիոս կղզիին մէջ“ եւ “Թրքական Թնդանօդը“, Ֆրանչիսքօ Կոյայի “Մայիս 2“ եւ “Մայիս 3“ գնդակահարութեան տեսարանները, Օկիւսթ Ռոտէնի “Կալէյի Քաղաքացիները“ եւ կամ Փապլօ Փիքասոյի “Կէրնիքա“ն:

Կիւվ - ``Ցեղասպանութիւն``

Նմանօրինակ յանձնառու ստեղծագործութիւնները, իրենց արուեստի ուժականութեամբ եւ գաղափարական խորքով, ոչ միայն կը դատապարտեն անմեղներու “անիմաստ“ ոչնչացումն ու առհասարակ ցեղասպանութիւնը, այլեւ իբրեւ գաղափարական զէնք կը պայքարին անիրաւութենէ եւ բռնատիրութենէ ծնունդ առած թշնամիներու դէմ, ինչպէս բանաւոր խօսքով եւս կը հաստատէ Փապլօ Փիքասօ:

Այն ինչ որ 1915ին տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի հետ ահաւոր է եւ անասելիօրէն քստմնելի: Հայ ժողովուրդի բնաջնջումը ծրագրուած ձեւով եւ հետեւողականօրէն սկսած էր կիռարուիլ Մեծ Եղեռնէն աւելի առաջ: Եւ պատահական չէ, որ Յովհաննէս Այվազովսքի դեռեւս 1995ի ջարդերուն առիթով անդրադարձած է այս ցաւոտ թեմային ու պատկերած շարք մը կտաւներ, ինչպէս “Տրապիզոնի Ջարդը“, “Հայերը Ողջևողջ կը նետեն Ծով“, (այս գեղանկարը մաս կը կազմէ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի հաւաքածոյին), “Թրքական Նաւուն Պայթիւնը“ եւայլն: Այվազովսքի 1995ին կոտորածներէն ետք, Սուլթան Համիտէն ստացած ադամանդեայ շքանշանները կը կապէ շան վիզին ու պտըտցնելէ ետք Օտեսայի հայկական եւ թրքական թաղամասերը, իբրեւ բողոք, ժողովուրդի ներկայութեան կը նետէ զանոնք Սեւ Ծով եւ ապա ձեռքերը կը լուայ…:

 

1915ի չարաբաստիկ թուականէն առաջ, այլ հայ գեղանկարիչներ եւս անդրադարձած են հայկական կոտորածներու թեմային: Ինչպէս Վարդգէս Սուրէնեանց, Գէորգ Բաշինջաղեան, Վարդան Մախոխեան, եւայլն:

Իսկ Եղեռնէն ճողոպրած բազմաթիւ կերպարուեստագէտներ պատկերած են թէ ուղղակիօրէն ջարդերը, թէ բռնագաղթն ու անոնց հետեւանքները, ինչպէս Էտկար Շահին (Փարիզ), Տիգրան Փոլատ (Փարիզ), Մարտիրոս Սարեան, (Մոսկուա եւ Երեւան), Երուանդ Տէմիրճեան (Գահիրէ), Սարգիս Խաչատուրեան (Հայաստան, Ֆրանսա եւ ապա Ա.Մ.Ն.), Արշիլ Կորքի Ադոյեան (Ա.Մ.Ն.), Ռուբէն Նաքեան (Ա.Մ.Ն.), Հենրի Լայըն (Ա.Մ.Ն.), Ժան Դարբինեան (Պէյրութ), Յովսէփ Փուշման (Ա.Մ.Ն.), Աշոտ Զօրեան (Եգիպտոս), Հմայեակ Արծաթպանեան (Թիֆլիս), Մելքոն Քէպապճեան (Փարիզ), Երուանդ Քոչար (Թիֆլիս, Փարիզ, Երեւան), Շարլ Ադամեան (Փարիզ), Արշակ Ֆէթվաճեան (Ա.Մ.Ն.), Օննիկ Աւետիսեան (Գահիրէ), Ժիրայր Օրագեան (Հռոմ) եւայլն: Այս կերպարուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները ունին նաեւ փաստագրական, վաւերագրական նշանակութիւն, իբրեւ անմիջական տուժողներու եւ ականատեսներու վկայութիւններ:

Արտաշէս Յունանեան - ``Ազգային Խաչելութիւն``

Յետ Եղեռնին առաջին սերունդը թէեւ փրկուածներէն ու իրենց ծնողներէն իմացան Եղեռնի մասին, սակայն անոնք ուղղակիօրէն Ցեղասպանութեան հետեւանքները կրողներն են, յատկապէս հոգեբանական առումով: Այս սերունդի տաղանդաւոր կերպարուեստագէտները գրեթէ բոլորն ալ անդրադարձած են Եղեռնի թեմային, սակայն անոնցմէ շատեր ամբողջական նկարաշարքեր նուիրած են ցեղասպանութեան: Ինչպէս Խորէն Տէր Յարութիւնեան, Ժանսէմ, Գառզու, Փօլ Կիրակոսեան, Յովհաննէս Ասատրեան, Կիւտէր, Քաջազ, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Խորէն Մութաֆեան, Գեղամ Թազեան, Բիւզանդ Գոճամանեան, եւայլն: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը, իր սեփական ոճով եւ ուրոյն յղացքներով ոչ միայն ոգեկոչած է Եղեռնի զոհերու յիշատակը, տագնապներն ու անասելի տառապանքները, այլեւ գեղարուեստական լեզուով իր կեցուածքը ճշդած ու պաշտպանած նաեւ մարդկային տարրական իրաւունքները: Գուցէ գոյութիւն չունի Սփիւռքահայ տաղանդաւոր կերպարուեստագէտ մը, որ առնուազն անուղղակիօրէն արձանագրած չըլլայ Եղեռնական խժդժութիւններուն եւ կամ հայ տարագիրներու վերականգնման ու գոյատեւման պայքարին: Ինչպէս Շարթ, Զաւէն Խտըշեան, Կիւվ, Քէրօ Անթոյեան, Վարուժան Պօղոսեան, Էտուըրտ Աւետիսեան, Ռաուլ Հէյկ, Միհրան Սէյրալեան, Թորոս Տէր Յակոբեան, Թերճան, Տիգրան Տատրեան, Գրիգոր Նորիկեան, Յարութիւն Պզտիկեան…:

Հայրենի կերպարուեստագէտներէն շատեր, խորհրդային զգուշաւոր պայմաններու տակ իսկ անդրադարձած են Եղեռնի թեմային, օրինակ Արտաշէս Յունանեանի, Յակոբ Յակոբեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Զուլում Գրիգորեանի, Արթօ Չաքմաքեանի եւ կամ Վալենթին Պոտպոմոքովի նման հայրենասէր եւ արի կեցուածք ունեցող կերպարուեստագէտներ, ուղղակիօրէն պատկերած են թէ  ջարդի տեսարաններ եւ թէ խոհրդանշական երփնագրեր. իսկ ուրիշներու քով ցեղասպանութեան թեման ի յայտ եկած է, ոչ անպայման մտածուած ձեւով, ինչպէս Մարտիրոս Սարեան, Սեդրակ Ռաշմաճեան, Գէորգ Գրիգորեան (Ճոթթօ), Զուլում Գրիգորեան, Մինաս Աւետիսեան, եւայլն: Հայրենի կերպարարուեստագէտներու, յաջորդ սերունդէն ոմանք աւելի համարձակ յղացքներ իրագործեցին, ինչպէս Արա Շիրազ, Եուրի Պետրոսեան, Ռոպերթ Էլիբէկեան, Մկրտիչ Մազմանեան, Վարուժան Վարդանեան, Սէյրան Խաթլամաջեան, Էդ. Խարազեան, եւայլն:

Ժան Դարբինեան - ``Փրկուածները` Քարանթինայի մէջ``

Այսօր համեմատաբար աւելի երիտասարդ կերպարուեստագէտներ, ըլլայ հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին իրենց հակամարդկային յղացքներով աւելի աշխոյժ կերպով կը մասնակցին հայկական դատի պաշտպանութեան, ի մասնաւորի Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին: Ինչպէս. Եուրոզ (Եուրի Գէորգեան) Զատիկ Զատիկեան, Վահրամ Դաւթեան, Դաւիթ Երեւանցի…:

Յովհաննէս Ասատրեան - ``Որբեր Անապատին Մէջ``

Ինչպէս կը նշմարէ ընթերցողը հարկադրաբար անուններու շարան մը գոյացաւ (որուն ցանկը ամբողջական չէ) մեր այս ակնարկին մէջ, որմէ խուսափում չունէինք: Սակայն այս մէկը կը վկայէ որ ինչքան խոր հետք ձգած է Եղեռնը, մեր կերպարուեստագէտներու վրայ ու  ինչպիսի խորն է ու մեծ մեր ազգային վէրքն ու արժանապատուութեան վիրաւորանքը:

Յետ Եղեռնի հայ կերպարուեստին յատուկ է նաեւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի եւ գոյատեւման թեման, որուն կարելի է առանձին անդրադառնալ:

Թէկուզ իբրեւ յետ գրութիւն. հարկաւոր է անդրադառնալ նաեւ երկու երեւոյթներու: Առաջինը բռնի կրօնափոխ հայերու պարագան է, որոնք տարբեր տեսակի արուեստներով կը նպաստեն Հայկական Դատին, յաճախ յիշեցնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Անոնց մէջ կան նաեւ կերպարուեստագէտներ, որոնք երբեմն ամբողջական ցուցահանդէսներ կը կազմակերպեն Եւրոպական քաղաքներու մէջ: Մեզ յայտնի ամենանշանաւոր գեղանկարիչը, որ լայն ճանաչում ունի Եւրոպայի տարածքին  Տէնիզ (Ծովակ) Ալթընն է, որ Եղեռնի նուիրուած իր նկարաշարքը ցուցադրած է  Պերլինի, Վիեննայի, Լոնտոնի, Վալանսի, Ժընեւի, Ֆրանքֆորթի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Երկրորդ երեւոյթը միջազգային կերպարուեստագէտներու անդրադարձն է 1915ի Հայկական Կոտորածներուն, ինչպէս Սիլվա Սէլսըր (Սլովաքիա), Նաթալի Լապաքի (Լիբանան), Տէթլիֆ Կոթզէն (Գերմանիա), Կիլերմօ Տիտիէկօ (Արժանթին), Ակուսթին Քասթրօ (Ուրուկուէյ), եւայլն: Յատկանշականը այն է որ այս կերպարուեստագէտները յենուելով իրենց մարդկային սկզբունքներուն եւ կեցուածքներուն վրայ, իրենք է որ իրենց կամքով, կ՛անդրադառնան Հայկական Եղեռնի թեմային:

Քանդակագործ Սիլվիա Սերսել - ``Ցեղասպանութիւն`` գործը

Վստահաբար մեր մէջբերած բոլոր ցանկերն ալ թերի եւ պակասաւոր են, սակայն այս ակնարկը կրնայ հիմք ծառայել նոր ուսումնասիրութիւններու:

Տրուած ըլլալով, որ կերպարուեստի “գեղարուեստական լեզուն“ համամարդկային է, համաշխարհային, հարկաւոր է ուժ տալ ու քաջալերել մեր ժամանակակից արուեստագէտները, որպէսզի առաւելագոյնս անդրադառնան Ցեղասպանութեան վերաբերող հարցերու եւ արուեստի ուժականութեամբ նպաստեն մեր հետապնդած ազգային իրաւունքներու ձեռք բերման ու վերջնական յաղթանակին:

Եղեռնի հարիւրամեակի սեմին կը գտնուինք ու մեր ազգային այս գերխնդիրը աւելի հրատապ ու կենսական կը դառնայ….: Հիմակուընէ հարկաւոր է նախապատրաստուիլ 100 ամեակի առիթով կերպարուեստի որակեալ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու կենսական գործին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles