
Մակար ի Գաղիա,
Յունիս 18, 2016
Սենի ափին արդէն Յունիս է, բայց ձմեռը կը շարունակուի: Կեդրոնականցիին եւ Էլպիսին այցելութիւնները նուազած են: Հեղեղի վախ ունին:
Արմենակ հեռաձայնեց: Պիտի գայ Էլպիսի հետ: Մտածեցի, որ անպայման ընդվզում մը ունի եւ լսող ականջ կը փնտռէ: Մենք ալ տեղեակ կ’ըլլանք ազգի բաներէն:
Յամառող ձմրան այս կիրակին կանաչ թէյ հրամցուց Մակարուհին, հաց, յունական պանիր եւ Հայաստանէն նուէր եկած մեղր՝ իր փեթակին մէջ: Երբ Հայաստան չենք երթար, մեղրը կու գայ, լաւ բաներ յիշեցնելու համար:
– Արմենակ, ի՞նչ կը պատահի Պոլսոյ մէջ:
– Ճիշդ այդ մասին կ’ուզէի խօսիլ: Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը հիւանդ է եւ «բարեխնամ» կառավարութիւնը թոյլ չի տար նոր պատրիարք ընտրել: Պատրիարքները կաթողիկոս չեն, անոնց պաշտօնավարութիւնը ցկեանս չէ: Կառավարդութիւնը կը մերժէ նոր պատրիարք ընտրելու դիմումները: Ինչո՞ւ, Հայաստան եւ սփիւռք, չենք բողոքեր հայ եկեղեցիի կեանքին մէջ թուրք կառավարութեան միջամտութեան դէմ:
– Եթէ բողոք ըլլայ, կը դիւրացնե՞նք, թէ՞ կը բարդացնենք Թուրքիոյ հայութեան կացութիւնը:
– Ի՞նչ է վախը: Սփիւռքի բողոքողներուն դէմ «քոմանտօ՞» պիտի ղրկեն Հրանտ Տինքեր գտնելու համար: Մակա՛ր, սփիւռքի պիղատոսեան կեցուածքը պատճառ է, որ Արամ Աթէշեան եպիսկոպոսը, պատրիարքական տեղապահի հանգամանքով, նոր սուլթան Էրտողանի գործիքը դառնայ եւ դատապարտէ Գերմանիոյ խորհրդարանը, զայն մեղադրելով հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յանցանքով: Մի ոմն եպիսկոպոս՝ մեծ տէրութեան մը խորհրդարանին դէմ: Ո՞վ կը քաշէ խամաճիկի թելերը:
– Բարեբախտաբար կ’իմանանք, որ ժողովուրդը չի հետեւիր: Հանգամանքի չարաշահում կայ:
– Աւելին ալ կայ, իմացած ըլլալու ես: Մարդը կալուածներ կը գնէ ծովափնեայ քաղաքներու մէջ: Ինչպէ՞ս այդ կ’ընէ եկեղեցականի իր ռոճիկով: Թէեւ առաջին եկեղեցականը չէ որ կալուածներու տէր կ’ըլլայ: Դեռ չիմացանք եկեղեցական նուիրապետութեան եւ պատկան ժողովներու վերաբերումը: Լռութիւնը մեղսակցութիւն է, Մակա՛ր: Այդ կալուածներու գնումը ինչպէ՞ս կը հանդուրժուի ե՛ւ համայնքներուն ե՛ւ հարկային իշխանութիւններուն կողմէ: Գայթակղութիւն է: «Ակօս» թերթը բերեմ եւ կարդա՛:
– Մի՛ յուզուիր, Արմենակ: Ըսէ՛ թէ ի՞նչ կարելի է ընել:
– Օրէնք գիտցողներ կան: Ինչո՞ւ չեն դիմեր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերող Լոզանի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններուն: Տեղեակ ըլլալ եւ լուր տարածել ի՞նչ բանի կը ծառայեն, երբ ձեռնածալ կը նստինք: Ինչ որ կը պատահի թատրոն չէ: Թաղային դպրոցի մը կամ ակումբի մը հարց չէ: Ինչո՞ւ ցոյց չենք ըներ Թուրքիոյ եւ այդ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններուն առջեւ:
– Սիրելիս, եթէ «ինչո՞ւ»իդ պատասխանը ունենայի, ղեկավար կ’ըլլայի:
– Բայց գոնէ գրէ՛,- ըսաւ Արմենակ որպէս եզրակացութիւն: