ԱՐՄԵՆԱԿԻՆ «ՔՐԻՍՏԱԼ ՏԸ ՊՈՀԵՄԻԱ»-ՈՎ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ԿԱՊՈՅՏ ՈՒԻՍՔԻ ՀԻՒՐԱՍԻՐԵՐ ԵՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

 

Ոմանք «կլոր սեղան»ներու կը հրաւիրուին խօսելու: Կեդրոնականցի Արմենակ կ’երթայ լսելու եւ ուրախանալու, թէ որքան խելացիներ ունինք: Միշտ ալ կը զարմանայ, թէ ամէն անգամ քիչ մը աւելի խելացի դառնալով, ինչո՞ւ կատարեալ խելացի չենք դառնար:

Ֆրանսա հարիւր հինգ տարեկան մարդ մը կայ, որ հեծելարշաւի մրցանիշ կը հաստատէ: Եթէ հայկական ձեռնարկներու ներկայութեան ախոյեանութիւն մը ըլլար, Կեդրոնականցին կը պարգեւատրուէր yv մեր բազմազան շքանշաններէն մէկը կը կախէին իր լամբակէն:

Թէեւ երախտագիտութիւնը մեր ժողովուրդի ազգային մարզաձեւը չէ:

Այսպէս կը մտածէի երբ Արմենակը կը լսէի:

– Քանի մը օր առաջ «կլոր սեղան»ի հանդիպման մը ներկայ եղայ: Սեղանը կլոր չէր, բայց չորս հոգի նստած էին իրարու կցուած սեղաններու ետին եւ այծի սպիտակ մօրուքով ինծի պէս թոշակառու մը կը վարէր զրոյցը: Ինչե՜ր ըսին: Ոչ Ամերիկայի մեկնելու վրայ եղող եւ դրան առջեւ սպասող նախագահները, ոչ Ֆրանսայի նախագահը, ոչ Թուրքիոյ նոր սուլթանը բացակայեցան: Կրկնեցին ցեղասպանութեան ճանաչումը, միջազգային եւ Թուրքիոյ կողմէ: Մէկ հոգի ալ գիւտարարի պէս խօսեցաւ «հատուցման» մասին: Ոչ ոք ըսաւ, թէ ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ՝ ի՞նչ պիտի հատուցուէր:

– Յառաջդիմութիւն կայ ուրեմն, Արմենակ, այրած սիրտերը զովացնող մխիթարական խօսքէ տարբեր բան ըսուած է,- ըսի:

– Աւարտին, դրացի Ժոժոն որուն ընկերացած էի սրահ գալու համար, ըսաւ որ հատուցում պահանջողը մեծ ընկերութիւններու հաշուապահ է, գիտէ թէ ի՛նչ կ’ըսէ: Յաճախ այս մասին կը խօսի, գործնական մարդ է, գիտէ որ Սասունը, Մուշը, Վանը պիտի չվերադարձուին, եթէ դրամ տրուի, գոնէ դուրսը դպրոցներ կը պահենք եւ եկեղեցիներ կը շինենք: Ժոժոն գնաց հաշուապահ տեսաբանը շնորհաւորելու: Եկաւ եւ ըսաւ, որ հրաւիրուած էինք հաշուապահին բնակարանը բաժակի մը շուրջ շարունակելու համար զրոյցը:

– Լաւ է, Արմենակ, բախտաւոր ես, սովորաբար «փլաստիկ» բաժակով ջուր կամ հիւթ կը հրամցնեն:

– Զարմացայ: Կլոր սեղանին ներկաներէն աւելի մարդ կար: Պսպղուն բաժակներով հիւրասիրուեցանք: Տեսաբան հաշուապահը մօտեցաւ մեզի եւ հարցուց, թէ ի՞նչ տեսակ ուիսքի կը նախընտրէինք, սե՞ւ, կապո՞յտ: Իսկ կը լսէի տիկինը, որ ուրիշ տիկինի մը կ’ըսէր, թէ բոլոր բաժակները «քրիստալ տը Պոհեմիա» էին:

– Բախտաւոր ես: Միայն խօսքով չես օրօրուած:

– Մակա՛ր, նոր հասկցայ «հատուցման տրամաբանութիւնը»: Այդքա՜ն մեծ տարածութեամբ հողերու, կալուածներու, զոհուածներու համար եթէ հատուցում ըլլայ, բոլոր հայերը կրնան «քրիստալ տը Պոհեմիա» բաժակ ունենալ եւ «կապոյտ ուիսքի» վայելել: Մանաւանդ՝ մեղր բռնողներն ալ իրենց մատները կը լիզեն, ինչպէս միշտ:

– Ի դէպ, ի՞նչ էր տարբերութիւնը սոխի գոյն ուիսքիին եւ կապոյտին,- հարցուցի տգէտ չմնալու համար:

– Պարզ է, Մակար, «կապոյտ ուիսքի»ն ալ ծագումով նոյնն է,  «ծագումով հայ»ուն պէս անհող մարդու շպարով օրինակելի աշխարհաքաղաքացի, նախկին հայրենահան-ուած եւ նոր ինքնահայրենահանուող:

Չհարցուցի Արմենակին, թէ տուն վերադարձին այդ «կապոյտ ուիսքի»ն մարսե՞ց, թէ՞ փսխեց: Այդ կ’ըլլար «հատուցման» ըմբռնում:

 

Մակար, ի Գաղիա

Յունուար 14, 2017

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles