Լրահոս

Արման Թաթոյեան․- «Ես Յաւակնում Են Հ.Հ․ Վարչապետի Պաշտօնին»

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Հ․ նախկին մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարած է «Միասնութեան թեւեր» քաղաքական նախաձեռնութեան մեկնարկին եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութեան մասին։

«Մենք ինքնուրոյն քաղաքական նախաձեռնութիւն ենք։ Աշխատում ենք խնդիրներ լուծելու ուղղութեամբ, ձգտում ենք կազմել կառավարութիւն, եւ ես յաւակնում եմ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին։ Խաղաղութիւնը բացառիկ արժէք է, սակայն խաղաղութիւնը բազում գործընթացներու, ամուր անվտանգային համակարգի, համախմբման, այլ ոչ թէ պառակտումներու արդիւնք է։ Մենք պիտի առաջնորդուինք ոչ միայն արտաքին, այլ նաեւ ներքին գործօններով, որոնք առաջնակարգ նշանակութիւն ունին», ընդգծեց ան։

Թաթոյեան մատնանշեց Հայաստանի արտադրողական կարողութիւններու մեծացման անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց պետութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ յարգալից երկխօսութեան եւ համագործակցութեան, Սփիւռքի հետ միասնութեան եւ արդար հասարակական-տնտեսական քաղաքականութեան վարման կարեւորութիւնը։

«Արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ ճկուն, ոչ թէ յարմարուողական, եւ հաւատարիմ պետական արժէքներուն ու շահերուն։ Ինչո՞ւ պէտք է ապրինք երկիր մը, ուր ամէն բան կը պտտի պատերազմի եւ պարտութիւններու շուրջ։ Մենք կրնանք քայլ առ քայլ կառուցել նոր կեանք, արժանապատիւ կեանք։ Պիտի փոխադրենք ճգնաժամը՝ հնարաւորութեան։ Պիտի ունենանք պետութիւն մը՝ հիմնուած գիտական նվաճումներու վրայ։ Պէտք է հրաժարինք մշտական ճգնաժամերու տրամաբանութենէն», եզրակացուց Թաթոյեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button