
Read Time:1 Minute, 35 Second
Խմբագրական
Դեռ շատ բան կարելի է գրել արդէն իսկ էջեր մրոտած ՄԱՐԴՈՒՆ արձանին մասին, որուն բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ Յուլիս 17-ին։
Ի վերջոյ, պարզ անձնաւորութիւն մը չէր այդ ՄԱՐԴԸ, որուն շատ բան կը պարտինք, հակառակ ոչ իսկ կէս դար ապրած ըլլալուն։
Ո՞վ է այդ ՄԱՐԴԸ, որուն ետին հարցադրումը կը շարունակուի։ Ո՞վ է այդ ազգային տիպարը, որ կ՛արտացոլացնէ «Ո՞վ է դաշնակցականը»ի այդ համեստ, խոնարհ, խիզախ ու վեհանձն տիպարը։
ՄԱՐԴԸ՝ Սերգէյն է․․․ Արամը, որուն մահուան հարիւրամեակը պիտի նշուի քանի մը ամիսէն, յառաջիկայ Յունուար 29-ին։ Այդպիսի տարելիցներու սպասման կարիքը չկայ, յիշելու, վերարժեւորելու կամ յետմահու մետալ շնորհելու այս ՄԱՐԴՈՒՆ։
Առողջութեամբ բոլորովին տկարացած եւ բծաւոր տիֆէ վարակուած, համեստ պայմաններու տակ, իր երդիքէն ներս երկար ժամանակ անկողինի ծառայած, ան առյաւէտ փակեց աչքերը, իր ետին ձգելով ժառանգ մը, որ կարելի չէ տեսնել, դիտել ու շօշափել։ Այլ շատ աւելի խոր է անոր ձգած ժառանգը՝ զգացական, հոգեբանական, թէ համահայկական, մանաւանդ որ ան Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան վերականգնման մղիչ ուժն ու հիմնադիրն է։ Ա․ Հանրապետութիւն մը, առանց որուն կարելի չէր ունենալ ներկայ կացութիւնը, իրավիճակը, խորհրդային եւ ապա յետխորհրդային վերանկախացած Հայաստանը։
Անոր նկարագիրն ու գործելաձեւը կ՚ապացուցեն, թէ յաչս հայ ժողովուրդի կենսունակութեան եւ ազգային-հասարակական միասնութեան, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար գործած ու պայքարած ՄԱՐԴԸ պիտի նախընտրէր յիշատակուիլ անծանօթ զինուորի մը յուշարձանով։ Այո՛, այդպէս էր ՄԱՐԴԸ՝ Արամը, Հայաստանն ու հայութիւնը, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն բանէ վեր դասող այս տիպարը։ Բնաւորութիւն մը, գործելաձեւ մը, սլացք մը, որ պարզ ու մեկին «Ո՞վ է դաշնակցականը»ի հնոցէն թրծուած կարծրատիպն է։
Երեւանի քաղաքապետարանի որոշումով, գրեթէ տարի մը առաջ, որոշուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, Հանրապետութեան հրապարակին մօտ՝ Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին յարող տարածքին զետեղել այս կոթողը։
Մետալազուրկ է ՄԱՐԴՈՒՆ արձանը, որ եռագոյնով պատուած իր աչքերը յարած է Հանրապետութեան հրապարակ՝ հանրապետութիւն, այսինքն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ։
Եւ դեռ շատ պիտի ներշնչուի, ոգեւորուի եւ տոգորուի այցելու ակնդիրը։
Այսպէս է «Ո՞վ է դաշնակցականը»ի տիպարի ներկայացուցիչ Արամի արձանը՝ ՄԱՐԴՈՒՆ պատգամը։