
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Արդեօք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը լսա՞ծ է Սարդարապատի ճակատամարտին նուիրուած՝ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնը:
Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար…
Հաւանաբար ժամանակն է, որ ուշի ուշով կարդայ, իսկ եթէ ատիկա դժուար է, ունկնդրէ երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը. ռազմաշունչ երաժշտութեան հեղինակն է Էտկար Յովհաննիսեան: Այդ ընելով՝ մօտէն եւ հարազատօրէն պիտի ճանչնայ հայորդիին, անոր անպարտելի կամքը:
Հաւանաբար Պ. Սեւակ պիտի չառարկէր, եթէ այս օրերուն քանի մը բառի փոփոխութեամբ ներկայացուի այդ կարճ բանաստեղծութիւնը՝ իր աթոռին յամառօրէն կառչած Ալիեւի:
Առաջին փոփոխելի բառը, պարոն Ալիեւ, «Սարդարապատ»-ի փոխարէն «Արցախ»-ն է:
Այո՛: Հաւանաբար քաջատեղեակ չէք հայոց պատմութեան, կամ ալ միշտ նախընտրած էք անգիտանալ պատմական իրականութիւնները: Թուրքիա կոչուած ձեր ուսուցիչը այդպէ՛ս սորվեցուցած է, չէ՞…
…Այսպէս ծագեց, արեգակեց
Արի Արցախի մարտը մեծ:
Պարզ է, թէ ձեր հայրն ալ չէ կրցած լաւ դաստիարակել ձեզ, սորվեցնել՝ թէ արեւմուտքի ձեր դրացի-թշնամին թէեւ չունի բնական հարստութիւններ՝ ձկնկիթ կամ սեւ ու սպիտակ ոսկի, սակայն պատմութիւն եւ մշակոյթ կերտած երկիր է:
Գիր, գրականութիւն, սրբազան կառոյցներ, սկսելով մշակոյթի եւ ուժի բերդաքաղաք Շուշիէն ու անոր Սուրբ Ամենափրկիչ-Ղազանչեցոց եկեղեցիէն, ուրկէ
Զանգեր, ղօղանջէ՛ք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին…
Ատրպէյճան հաւանաբար երկար ու ի զուր պիտի սպասէ, որ Հայաստան տնտեսապէս շնչահեղձ ըլլայ, երազելով, որ իր արդիական սպառազինումով զինուորական պարտութեան մատնէ զայն: Ալիեւ մինչեւ իսկ կրնայ մտածել, թէ Հայաստանէն ու Արցախէն արտագաղթի հոսքն ալ պիտի զօրանայ, մինչդեռ եղածը ներգաղթ է, այդ ալ՝ թմբուկով եւ զուռնայով ներգաղթ, դէպի Արցախ:
Եւ դեռ Գանձասարի վանքէն եւ Դադիվանքէն պիտի արձագանգեն՝
...Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէ՛ք
Հզօր Արցախից:
Դեռ քանի մը օր առաջ, Մ․Ա․Կ․-ի հարթակէն՝ առցանց զեկոյցի մը պահուն, Իլհամ Ալիեւ շարունակ կը կրկնէր, թէ Հայաստան կը նկատուի աշխարհի ամենէն աղքատ երկիրներէն: Ան աշխարհին եւ յատկապէս Մինսքի խումբին կը մերժէր իր պատրաստակամութիւնը` Արցախի հարցը բանակցութեամբ կարգաւորելու: Չէր գիտեր, որ հայը իր հոգիին մէջ կը կրէ երգին կամքը՝
Աւարայրից ջանք առանք,
Այստեղ մի պահ կանգ առանք…
Սպառազինուած՝ գերարդիական զէնքերով եւ, աւելի՛ն, վայելելով իր «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ օժանդակութիւնը, Ատրպէյճան 27 Սեպտեմբերէն ի վեր անդադար յարձակումներ կը գործէ, բրտօրէն ու յամառօրէն յայտարարելով, որ պատրաստ չէ «իր հողային ամբողջականութիւնը զիջելու» հայկական կողմին: Ան իր… չսորված դասին ճամբով կը փորձէ աշխարհն ալ համոզել, թէ Արցախը իր երկրին կը պատկանի, բռնատէր Սթալինի կամայականութիւնը հոն դեր չունի: Մինչդեռ հայը կը շարունակէ՝
…Որ շունչ առած, շունչներս տանք
Արի Արցախի պատին տակ:
Պատահածը սովորական ընդհարում չէ, հրացանաձգութիւն կամ պարբերական ռմբակոծում չէ, այլ ԼԱՅՆ ՃԱԿԱՏՈՎ ՊԱՏԵՐԱԶՄ:
Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը յարձակին, գործի լծած են նաեւ «կրօնամոլ» վարձկաններ: Արցախն ու արցախցին՝ Տատիկին ու Պապիկին ժառանգորդները կը դիմադրեն, արիաբար, կատաղիօրէն, յամառօրէն եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ: Ու աւարտին, եւ մի՛շտ՝
Բայց մենք չընկանք,
Մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք, դեռ կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք: