Արժանթինի Հայ Կեդրոնի մէջ` Դասախօսութիւն Թաքուն Հայերու Մասին

0 0
Read Time:55 Second

ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Փրենսա»).- Երեքշաբթի Ապրիլ 3-ի գիշերը, հարիւրէ աւելի հաշուող ունկնդիրներու ներկայութեան՝ տեղի ունեցաւ  դասախօսութիւն մը կազմակերպուած  Հայ Կեդրոնի  Վարչութեան եւԱրժանթինահայ Մշակութային Միութեան  կողմէ: Լրագրող Աւետիս Հաճեան անդրադարձաւ իր կատարած ճամբորդութեան  մասին դէպի  Արեւմտեան Հայաստան, ուր մօտէն ծանօթացաւ  «Թուրքիոյ թաքուն հայերուն », որոնք կ’ապրին Սասուն, Վան, Հաճըն, Այթապ, Մարաշ, Ուրֆա, Տիգրանակերտ, եւ այլ նահանգներ: Ասոնք  ժառանգորդներն են, ցեղասպանութենէն վերապրողներու որոնք փոխանակ ապաստան փնյռելու ուրիշ երկիրներ, շարունակեցին մնալ իրենց նախնիքներու հողին վրայ, բայց մեծցան եւ դաստիարակուեցան որպէս թուրք:

Անոնց ժառանգորդներէն ոմանք այսօր կը փնտռեն իրենց արմատները եւ կը վերադառնան մայր Եկեղեցւոյ  գիրկը եւ  կը մկրտուին: Դասախօսը պատմեց հետաքրքրական եւ  յուզիչ դրուագներ այդ իսլամացած հայերու  կեանքէն. անոնց վախը, զգուշաւորութիւնը  եւ լուռ պայքարը հայ մնալու: Խօսքին կ’ընկերանային լուսանկարներ, ոորնք աւելի կը տպաւորէին ունկնդիրները:

Աւետիս Հաճեան իր այս ճամբորդութիւնը, հանդիպումները, պրպտումները ամփոփած է մեծածաւալ գրքի մը մէջ, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ Լոնտոնի մէջ անգլերէն լեզուով՝ «Գաղտնի Ազգ, Թուրքիոյ Թաքուն Հայերը» խորագրով: Խօսքէն ետք  ներկաները  հարցումներ ուղղեցին դասախօսին նիւթին շուրջ:

Ալեքս Հաճեան ամփոփ կենսագրականը ըրաւ դասախօսին, Ատրիան Լոմլոմճեան Արժանթինահայ Մշակութային Միութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն իսկ  փակման խօսքը ըրաւ Հայ Կեդրոնի նախագահ՝ Վարդի Մանուկեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles