
ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԷՍ․- Սեպտեմբեր 25-ին, Արժանթինի հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւնները քայլաևշաւ մը կազմակերպեցին դէպի Ատրպէյճանի դեսպանատուն, իրենց բողոքը արտայայտելով Սեպտեմբեր 13-ին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման կապակցութեամբ։
Երիտասարդները շեշտեցին, որ ատրպէյճանական բանակը կազմակերպուած յարձակումներ գոր ծած է Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու եւ սահմանամերձ շըրջաններու վրայ։ Այդ յարձակումը ուղղուած էր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ։ Թշնամին թիրախաւորած էր նաեւ քաղաքացիական ենթակառոյցներ:
Ցուցարարները ընդգծեցին, որ յարձակման պատճառները նոյնն են, ինչ որ էի՛ն 1915-ին, երբ սկսաւ գոր ծադրուիլ փանթրքական ծրագիրը։
Երիտասարդները նաեւ բողոք-նամակ մը յղեցին Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի նորանշանակ դեսպանին, շեշտելով որ՝ այս երկրին մէջ կարելի չէ պարտադրել ժխտողականութեան քաղաքականութիւն։