
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց).- Հայկական արխիւային լուսանկարներու Project SAVE հիմնարկը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ դոկտ. Արթօ Վօն (Փայասլեան) ստանձնած է գործադիր տնօրէնի պաշտօնը:
Աւելի քան տաս տարիէ ի վեր, արուեստի եւ կրթական ոլորտներէն ներս մասնագիտացած եւ գործած, Արթօ պիտի ստանձնէ հիմնարկին ղեկավարման պաշտօնը, օրական դրութեամբ մօտէն հետեւելով:
“ Պոսթընաբնակ մը ըլլալով, միշտ ալ ակնածանքով հետեւած եմ Project SAVE-ի գործունէութեան եւ յատկապէս, անոր հիմնադիր Ռութ Թովմասեանի կատարած հետեւողական աշխատանքին: Դժբախտաբար լաւապէս չէ գնահատուած այս հիմնարկը: Ժամանակն է գործի անցնելու եւ ցոյց տալու, թէ որքան կարեւորութիւն ունի Project SAVE-ը ”, կը յայտնէ Արթօ:
Թովմասեան 1975-էն ի վեր գործի լծուած է եւ աւելի քան 60,000 պատմական լուսանկարներ մուտք գործած են Project SAVE (Salute Armenians’ Valiant Existence) արխիւներէն ներս:
Արթօ Վօն պիտի փոխարինէ Ցոլին Սարեանը, որ 2017-էն ի վեր ստանձնած էր գործադիր տնօրէնի պաշտօնը եւ մօտ ապագային պիտի մեկնի Հայաստան:
“Արթօն պիտի ըլլայ ճիշդ փոխարինող անձը Project SAVE-ին համար”, կը տեղեկացնէ Ռութ Թովմասեան:
“Պիտի շարունակեմ այդ ժրաջան աշխատանքը, որ կատարած են Ռութ եւ Ցոլին: Project SAVE-ի պարտականութիւնը կարեւոր եւ իւրայատուկ է: Անցեալի այս գանձերը գուրգուրալով, ներկան եւ ապագան պիտի կերտենք”, շեշտեց Արթօ, որ այս գծով թէ՛ հայկական եւ թէ՛միջավայրէն ներս որոշած է ընդարձակել հիմնարկին գործունէութեան դաշտը:
Ցոլին Սարեան, իր կարգին, յայտնեց թէ երախտապարտ է իր կատարած աշխատանքով: “Բարի գալուստ կը մաղթեմ Արթոյին եւ յոյսով եմ, որ գործը պիտի շարունակէ շատ աւելի մեծ թափով”, եզրակացուց Սարեան
Նախքան Project SAVE միանալը, Արթօ Վօն անգլերէն լեզուի պատասխանատու դասատուներէն եղած է Երեւանի ամերիկեան համալսարանին (AUA) մէջ: Նաեւ, ան մտայղացումը ունեցած է Երեւանի ամերիկեան համալսարան կեցութեան ժամանակ, անգլերէն լեզուի ստեղծագործական գրչութեան կեդրոնի (Center for Creative Writing) հիմնադրութեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել.- www.projectsave.org.