«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Կիսաժամ Աշխատակից

0 0
Read Time:51 Second

«Ուիքիմետիա Հայաստան»ի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ջանքերով սկիզբ առած «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի նախագիծին շրջանակէն ներս կիսաժամ աշխատակից մը կը փնտռուի։

Ընդունուած թեկնածուն գործի պիտի սկսի ընդունման թուականէն սկսեալ, 6 ամսուան վրայ երկարող ժամանակաշրջանի մը համար։ Պայմանագիրը կարելի պիտի ըլլայ երկարաձգել 6 ամիս եւս։

Նախատեսուած պարտականութիւններն են՝

  • Ծրագիրներ եւ միջոցառումներ մշակել՝ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի զարգացման եւ բովանդակութեան ընդլայնման համար,
  • Խմբագրման ենթակայ յօդուածներու ցանկեր կազմել,
  • Տարբեր համայնքներու, տարբեր հաստատութիւններու եւ միութիւններու հետ համագոծակցիլ՝ շարժումը տարածելու եւ նոր խմբագիրներ ներգրաւելու նպատակաւ։

Թեկնածուներու մասնագիտական հմտութիւններու եւ ունակութիւններու ստուգման չափանիշներն են`

  • Բարձրագոյն կրթութիւն,
  • Արեւմտահայերէնի եւ անգլերէնի գերազանց իմացութիւն,
  • Համակարգչային գերազանց գիտելիքներ, Google G-Suite-ով աշխատելու (Google Docs, Spreadsheets եւ այլն),
  • Ծրագիրներ համակարգելու հմտութիւն,
  • Հաղորդակցութեան եւ խմբային աշխատանքներու հմտութիւններ։

Հետաքրքրուողներէն եւ պահանջուող չափանիշները լրացնող անձերէն կը խնդրուի իրենց կենսագրական տուեալները (CV) եւ այս աշխատանքին հետ կապուած գործնական առաջարկները (մօտաւորապէս մէկ էջ), ուղարկել info@wikimedia.am ելեկտրոնային հասցէով, ինչպէս նաեւ կը խնդրուի ելեկտրոնային նամակին վերնագիրը լրացնել՝ ««Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի Ծրագիրի Աշխատակից» խորագիրով։

Դի­մում­­նե­րու ներ­կա­յաց­ման վերջնական ժամկէտը 20 Յունիս 2018 է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles