
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ նահանգներու 41-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 3-5ին, հիւրընկալութեամբ` Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին: Ժողովին մասնակցեցան Շրջանի տասը մասնաճիւղեր` Ալպընի, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Շիքակօ, Տիթրոյթ, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Փրովիտէնս, Ֆիլատելֆիա եւ Ֆլորիտա, եւ երկու միաւորներ՝ Շարլոթ միաւոր եւ առաջին անգամ ըլլալով, շրջանի նորակազմ Մերիմէք Հովիտ Միաւորը իրենց լիազօր ներկայացուցիչներով: Նաեւ մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ` եղբայր Հրաչ Մեսրոպեանը եւ Արեւելեան Միացեալ նահանգներու Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ՝ եղբայր Վահէ Թանաշեան: Խորհրդակցական ձայնով մասնակցողներու շարքին ներկայ էին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան մնացեալ անդամները, Շրջանային Մարզական յանձնախումբի եւ Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչները, եւ Շրջանային Վարչութեան կողմէ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ՝ Օհան Օհանեան եւ Վարդգէս Վարդանեան: Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի քոյր Լիոնի Սամրազեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Դ.-ի Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչները:
«Յառաջ Նահատակ» քայլերգով կատարուեցաւ ժողովին բացումը, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017-ին երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Շերիթոն Պանդոկ, Մաուայ Նիւ Ճըրզի-ի մէջ, ապա Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ՝ եղբայր Վահէ Թանաշեան բարի գալուստի իր խօսքէն վերջ, հրաւիրեց Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Յովնան Քահանայ Պոզոյեանը, որ աղօթքով օրհնեց ժողովը եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց: Յաջորդաբար խօսք առին ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ եղբայր Վահէ Թանաշեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկեր Ժանօ Աւետիսեանն, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի` Քոյր Լիոնի Սարմազեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի ՄէրիԷն Պանճոքլիեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ` եղբայր Հրաչ Մեսրոպեան: Խօսք առնողները բարձր գնահատեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կարեւոր դերը հայ մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ, եւ շեշտեցին համագործակցութեան կարեւորութիւնը, լաւապէս ծառայելու մեր ազգային վսեմ նպատակներուն:
Առաջին հերթին, ժողովը ընտրեց իր առժամեայ դիւանն ու լիազօրագրերու ստուգման յանձնախումբը, ժողովի օրինականութիւնը ստուգելէ եւ հաստատելէ ետք ընտրուեցաւ մնայուն դիւան, որ կը բաղկանար ատենապետներ՝ Յակոբ Խաչատուրեանէ եւ Պետիկ Տէր Վարդանեանէ, ատենադպիրներ՝ Մարալ Խաչատուրեանէ, Մանուշակ Գրիգորեանէ եւ Շանթ Ժամկոչեանէ: Ապա ժողովը ընտրեց բանաձեւերու, արխիւային, պիտճէի եւ քուէախոյզ յանձնախումբերը։ Ժողովի յաջորդ օրակարգն էր լսելու տասը մասնաճիւղերուն եւ երկու միաւորներուն միացեալ եւ ամփոփ տեղեկագրերը, լուսաբանական հարցումներուն պատասխանեցին վարչութիւններու ներկայացուցիչները:
Յաջորդ օրը, Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017-ին ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները լսելով ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ նիւթա-բարոյական տեղեկագիրը: Լուսաբանական հարցումներուն յաջորդեց ըստ էութեան քննարկման ժողովականներու արտայայտութիւնները:
Համաձայն տեղեկագրերու, Շրջանը ունեցած է բազմաբեղուն գործունէութիւն:
Ներկայիս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանը ունի.-
- 1,000-է աւելի անդամներ:
- Մօտ 400 Սկաուտ եւ 500 Մարզիկ:
- 75-է աւելի մարզական երկսեռ խումբեր՝ ոտնագնդակի, պասքէթպոլի, վոլի-պոլի, լողի եւ աթլեթի, ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան դասակարգերով:
Անցնող երկամեակին, Շրջանը կազմակերպած է հետեւեալ գործունէութիւնները.-
- Մասնաճիւղերու վարչական կազմերու երկու խորհրդաժողովներ, Մարտ 2016- ին “Google Hangout”-ի միջոցաւ, եւ Մարտ 2017-ին Փրովիտէնսի մէջ:
- Նաւասարդեան 26-րդ Խաղեր, Յուլիս 2016-ին Շիքակոյի մէջ: Սոյն խաղերուն մասնակցեցան 250 մարզիկներ-մարզիկուհիներ:
- Նաւասարդեան 27-րդ Խաղեր, Յուլիս 2017 Փրովիտէնսի մէջ: Սոյն խաղերուն մասնակցեցան 450 մարզիկներ-մարզիկուհիներ:
- Օգոստոս 10-14, 2016-ին Շրջանային Սկաուտական 29-րդ Բանակում, Պոսթընի մէջ, ուր մասնակցեցան 100 սկաուտներ:
- Օգոստոս 18-23, 2017-ին Շրջանային Սկաուտական 30-րդ Բանակում, Ուաշինկթոնի մէջ, ուր մասնակցեցան 145 սկաուտներ:
- Յատկանշական էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երկրորդ Միաւորի ստեղծման երեւոյթը: Շրջանային Վարչութիւնը իր Թիւ 79, Ապրիլ 17, 2017 թուակիր նամակով հիմնեց Մեծն Մերիմէք Հովիտի Միաւորը Կիրակի, Մայիս 7, 2017-ին, Նորթ Էնտովրի Ս. Գրիգոր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ նորաստեղծ միաւորին հանդիսաւոր հիմնադրութիւնը, ուր յանձնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դրօշը, Ծրագիր Կանոնագիրը եւ Հիմնադրութեան ու Վարիչ Մարմինը նշանակման նամակը:
- Յուլիս 20-29, 2017-ին Շրջանը մասնակցեցաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական 10րդ մարզախաղերուն, Երեւանի մէջ, պատուիրակութիւնը կը բաղկանար 77 մարզիկներէ, մարզիչներէ եւ պատասխանատուներէ:
- Արհեստագիտական միջոցները լաւապէս օգտագործուած էին դիւրացնելու Շրջանիս աշխատանքները: Որպէս օրինակ կարելի նշել, “Google”-ը եւ Նաւասարդեան խաղերուն մասնակցելու, համացանցի միջոցաւ մարզիկներու դիմումնագրերու կիրառումը:
Ներկայացուցչական Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը, մշակելով յառաջիկայ շրջանի մարզական եւ սկաուտական գործունէութեան ծրագիրները, 2018-ին Նաւասարդեան Խաղերը որ տեղի պիտի ունենան Ուաշինկթընի մէջ, 2018-ին Շրջանային Բանակումը տեղի պիտի չունենա Հ.Մ.Ը.Մ. համաշխարհային բանակումին պատճառով: Առաջարկներ եւ դելադրանքներ, բարելաւելու համար վերոյիշեալ գործունէութիւնները եւ դիմագրաւելու նոր սերունդի պահանջքները:
41-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի յատուկ ուշադրութեան նիւթերէն մէկն էր Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ընդհանուր Բանակումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ 2018-ի ամրան: Յատուկ ուշադրութեան նիւթ էր նաեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակ 2018-ին, վերջին երկու Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն մշակուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ռազմավարական Ծրագիրը, եւ անոր գործադրութեան միջոցները շրջանին մէջ, եւ երիտասարդ սերունդին կարեւոր դեր վստահիլը այս մարզին մէջ:
Նկատելի եւ ուրախ երեւոյթ էր ներկայացուցիչներու շարքին մեծ թիւով երիտասարդ եւ երկար տարիներու վաստակ ունեցած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու ներկայութիւնը, հազիւ քսան տարիքը բոլորած անդամներու կողքին՝ կային 55 երկար տարիներ ծառայած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ, այս երեւոյթը յաւելեալ յոյս կը ներշնչէ միութեան յարատեւութեան ու հզօրացման, եւ լաւապէս կը դրսեւորէ միութեանս նշանաբանը՝ Բարձրացիր Բարձրացուրը:
41-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային Վարչութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.- Արամ Քայսերեան (Պոսթըն), Յարութ Խաչատուրեան (Նիւ Եորք), Շանթ Ժամկոչեան (Տիթրոյթ), Սիմոն Պարտիզպանեան (Նիւ Եորք), Փոլ Քուքուզեան (Շիքակօ), Վիգէն Խաչատուրեան (Պոսթըն) եւ Կարօ Թաշեան (Փրովիտէնս): ժողովի փակման, դիւանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկայացուցիչներուն, յոյներուն եւ յանձնախումբերուն, հիւրընկալ Նիւ Ճըրզի ՄասնաՃիւղին, շրջանաւարտ եւ նորընտիր Շրջանային Վարչութեան: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի` Քոյր Լիոնի Սարմազեան, ներկայացուց յուշանուէր նորընտիր Շրջանային Վարչութեան: Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկեր Ժանօ Աւետիսեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ` եղբայր Հրաչ Մեսրոպեանի խօսքերով, ժողովը փակուեցաւ ՝՝Յառաջ Նահատակ՝՝ով:
Շաբաթ երեկոյեան նոյն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանի 40-ամեակի շքեղ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը հովանաւորութեամբ` Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի բարեջան Առաջնորդ Բարձ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան, պատւոյ նախագահ՝ Օհան եւ Ռիթա Օհանեաններու ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ` բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ աւելի քան 900 հայորդիներու:
Օրուան յայտագրի պաշտօնական բաժինով, հանդիսավար քոյր Թամար Սամուելեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Սկաուտական խմբապետուհի) երեկոն բացաւ բարեգալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն։ Նիւ Ճըրզի Սկաուտական կազմ դրօշակներով բացաւ օրուան յայտագիրը: Մեղրի Տէր Վարդանեան մեներգեց Ամերիկեան, Հայկական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները: Յաջորդաբար խօսք արին օրուան նախագահ՝ Օհան Օհանեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վահէ Թանաշեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկեր Ժանօ Աւետիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ` եղբայր Հրաչ Մեսրոպեան եւ Բարձ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, գնահատելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութիւնը, շնորհաւորելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանի 40-ամեակը, ինչպէս նաեւ շեշտելով որ մեր բոլորին պարտականութիւնն է յաջորդ տասնամեակներուն, պայքարիլ անտարբերութեան դէմ, տէր կանգնիլ մեր ազգային ամբողջական իրաւունքներուն, օժանդակել Հ.Մ.Ը.Մ.-ին ամէն ձեւով, նամանաւանդ պահելով մեր զաւակները անոր խրոխտ շարքերուն մէջ, որպէսզի անոնք դառնան արժանաւոր պաշտպանները մեր կրօնքին, մշակոյթին ու հայրենիքին:
Այս առթիւ Շրջանային Վարչութիւնը «Ծառայութեան Շքանշան»-ով պատուեց հետեւեալ գործօն անդամները.-
- Ռիթա Օհանեան, Ալպընիի Մասնաճիւղ
- Սարգիս Կիւլէսէրեան, Ալպընիի Մասնաճիւղ
- Ռազմիկ Փանոսեան, Պոսթընի Մասնաճիւղ
- Լեւոն Շամլեան, Նիւ Եորքի Մասնաճիւղ
- Կարօ Անաստասեան, Նիւ Եորքի Մասնաճիւղ
- Յովհաննէս Մաշէֆէճեան, Նիւ Եորքի Մասնաճիւղ
- Վահրամ Մինասեան, Նիւ Եորքի Մասնաճիւղ
- Կարպիս Մուրատեան, Ուաշինկթընի Մասնաճիւղ
- Ճան Ճերիքեան, Ուաշինկթընի Մասնաճիւղ
Յետ մահու «Ծառայութեան Շքանշան» ստացան.-
- Ժիրայր Յովակիմեան, Ֆիլատելֆիոյ Մասնաճիւղ
- Կարօ Դարբինեան, Փրովիտէնսի Մասնաճիւղ
- Մարք Ալաշայեան, Նիւ Ճըրզիի Մասնաճիւղ
Յայտագրի պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները վայելեցին հռչակաւոր երգիչ՝ Արմէչիք եւ իր նուագախումբին, ճոխ երգերով ու պարերով խանդավառ պահեր ապրեցան ներկաները մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր: Բոլոր ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն, տոգորուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Բարձրանալու եւ Բարձրացնելու վսեմ նշանաբանի ոգիով, մոյն եռանդով ու աւելի կորովով շարունակելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յաղթական եւ պանծալի երթը:
ԹՂԹԱԿԻՑ