

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2-ին, Պոսթընի «Ինթըրնաշընըլ Փլէյս»ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան փշրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 11-րդ հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ շուրջ երկու հարիւր հիւրերու:
Ներկայ էին ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի (Մասաչուսէց – Դեմոկրատական), Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան գրասենեաի ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Ճորճ Աղճայեան, Կրէկ Պետեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ժան Աւետիսեան:
Օրուան հանդիսավարն էր Ճէք Անթունեանը, որ բեմ հրաւիրեց Մեղրի Տէր Վարդանեանը, մեներգելու համար Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի հովիւ Անդրանիկ Աւագ Քահանայ Պալճեանը, կատարելու տէրունական աղօթքը:
Այս տարուան մեծարանքի հանդիսութեան, «Ազատութեան» մրցանակ ստացան շրջանէն՝ քոնկրէսական Նիքի Ցոնկաս եւ ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի:
«Ազատութեան» մրցանակը կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք ներդրում ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող հարցերուն մէջ:
Ցոնկաս, որ նախապէս տեղեկացուցած էր, թէ պիտի չկարենար ներկայ ըլլալ այս հանդիսութեան, պատրաստած էր յատուկ խտասալիկ մը, որուն մէջ կը ներկայացնէր իր պատգամը: Ան, առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Հայ Դատի յանձնախումբին, նշեց թէ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել պահանջատիրութեան ուժեղացում, ծաւալում, եթէ ժողովուրդն ու ամբոխը շարունակ նեցուկ չկանգնին: Ան աւելցուց թէ, կարելի չէ արդարութեան դէմ աշխատիլ եւ մոռնալ ահաւոր անցեալ մը, որուն արդիւնք ինքնաբերաբար կրնան այլ ցեղասպանութիւններ կրկնուիլ: Ցոնկաս ողջունեց Երեւանի մէջ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ամբողջ աշխատակազմին յառաջընթացը Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացով: Ան աւելցուց, թէ ամերիկեան ընկերութիւններ Հայաստանի մէջ գումարներ պիտի ներդնեն յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին, եւ վստահաբար շատ աւելին պէտք է կատարուի:
Ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի, որ անձամբ ներկայ էր, խօսք առնելով, տպաւորեց ներկաները, որոնք աւարտին երկար ծափողջոյններով շնորհակալութիւն յայտնեցին:
Մարքի դատապարտեց Ա.Մ.Ն.-ի կատարուած օժանդակութիւնները՝ Պաքուի, եւ շեշտեց, թէամէն գնով պէտք է վերջ տալ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման գծով ամերիկեան մեղսակցութեան: Ան նաեւ յայտնեց թէ, պէտք է ամէն գնով ամերիկեան նեցուկ ապահովել Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան, նաեւ Արցախի տնտեսական օժանդակութեանց ապահովում` նեցուկ կանգնելու համար շրջանի վերակառուցման եւ ականազերծման ջանքերուն:
Ան աւելցուց, թէ հիմնականօրէն վերատեսութեան պէտք է ենթարկել Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները` սահմանափակելով զէնքերու վաճառքը:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Սթիւ Մեսրոպեան շնորհակալութիւն յայտնելով քոնկրէսական Ցոնկասին եւ ծերակուտական Մարքիին, փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան յայտնեց, թէ այսօր, բոլոր դժուարութիւններէն ու բազմազան ենթակայական եւ առարկայական լուրջ խոչընդոտներէն անդին, հայորդին կ’ապրի պատմական աննախընթաց ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ Հայաստան անկախ է, Արցախը՝ ազատագրուած, եւ անշուշտ Սփիւռքի գիտակից ու պայքարող տարրը՝ պատնէշի վրայ է:
Այդ կազմակերպ Սփիւռքի մէջ, աշխոյժ ու նպատակասլաց է Հայ Դատի ու քաղաքական կառոյցներու գործունէութիւնը: Այսօր, արտերկրի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցը ու նմանօրինակ կառոյցները աննախընթաց զարգացում կ՚ապրին ու արտաքին աշխարհի մէջ լուրջ հեղինակութիւն կը վայելեն: «
«Մեր ազգային կարեւորագոյն հարստութիւններէն է Հայ Դատի կամաւոր ու արհեստավարժ նուիրեալներու այս աշխարհասփիւռ փաղանգը, որ կը պաշտպանէ մեր հայրենի պետականութեանց թիկունքը, աշխարհով մէկ կ՚ամրապնդէ անոնց դիրքերը եւ որպէս տարբեր երկիրներու գիտակից քաղաքացիներ կը պահանջէ այդ երկիրներու կառավարութիւններէն ու խորհրդարաններէն հայանպաստ դիրքորոշում եւ մեր հայրենի պետականութեանց գործնական աջակցութիւն: Անոնք կ՚ամբողջացնեն հայկական դիւանագիտութիւնը՝ արտաքին գործերու նախարարութեան, դեսպանատուներու եւ այլ պետական ներկայացուցչութիւններու հետ համագործակցելով եւ աշխատանքը համադրելով: Եւ այս գծով, յատկապէս Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս, շատ աւելի գործ ունինք տանելիք», շեշտեց Մեսրոպեան, որուն խօսքէն ետք, կարճ վաւերագրական մը ցուցադրուեցաւ, տարեշրջանի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն գծով:
Ընթրիքէն ետք, հանդիսավար Ճէք Անթունեան, բեմ հրաւիրեց Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը, որ յուզիչ եւ յակիրճ նկարագրականով մը ներկայացուց Պաքուի ջարդերէն մազապուրծ ազատած եւ այժմ Մէյն նահանգ հաստատուած Աննա Աստուածատուրեան- Թըրքոթը, որ ստացաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն շարունակ ծառայելու շքանշանը:
«Ահաւոր մանկութիւն մը ապրեցայ Պաքուի մէջ, քաղաք մը, որ շինած ու կառուցած ենք մենք՝ հայերս: Հայրս կը յայտնէր, թէ կացութիւնը կը վատթարանար եւ չէի կրնար ազատ եւ համարձակ շրջագայիլ: Պատահեցաւ սպասելին եւ ստիպուեցանք հեռանալ մեր ծննդավայրէն: Այսօր գրեթէ երեսուն տարի ետք, դեռ անմոռանալի են այդ դաժան յուշեհո: Շատ բան սորվեցայ եւ դեռ ալ պիտի սորվիմ: …Ահա, այսօր բեմահարթակին վրայ բարձրացած եկած եմ շնորհակալութիւն յայտնելու, նաեւ կրկին ուխտելու, թէ պիտի շարունակեմ գործել յաչս հայութեան ու Հայ Դատին»:
Նշենք, թէ 2013-ին, շնորհիւ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի հետեւողական աշխատանքին, Մէյն նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը: 1988-ին, Աննային ընտանիքը պարտադրուած է փախուստ տալ եւ ապաստանիլ Հայաստան: 1992-ին Աստուածատուրեանները կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ: Աննա պահած է այս դաժան օրերու օրագրութիւնը, որ լոյս տեսած է Յունիս 2012-ին, անգլերէն լեզուով, “Nowhere, a Story of Exile“ անունով:
Քարոլանն Նաճարեան ստացաւ «Վահան Քարտաշեան» շքանշանը: Նաճարեանի մասին անդրադառնալով, Անդրանիկ Գասպարեան վեր առաւ, անոր անաչառ աշխատանքը:
Նաճարեան յայտնեց» թէ Հայ Դատի աշխատանքը իւրաքանչիւր հայու գոյութեան եւ պատկանելիութեան խնդիր է եւ ինքնաբերաբար, ամէն հայորդի պէտք է որ մասնակից դառնայ աշխատանքներուն: Ան նշեց թէ, նաեւ ժողովուրդը, ուժի հիմնական աղբիւրն է: Ան կոչ ուղղեց, որ անպայման կառչած մնան իրենց արմատներուն ու ընտանեկան ծառին:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Ճորճ Աղճայեան իր խօսքին մէջ, շեշտեց Հայ դատի հասկացողութեան ներկայ սահմանումը:
«Այս աշխատանքները կը կատարուին ամէնուրեք, Հայ դատի բոլոր յանձնախումբերն ալ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը ծաւալեն: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած է, մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած են մանաւանդ վերջին տարիներուն, բայց ամբողջականացած չէ այդ հոլովոյթը: Ներկայիս կը բացուի ամբողջութեամբ նոր էջ, որ պահանջատիրութեան ծրագրային եւ սկզբունքային սահմանումէն անդին անցնելու խնդիրն է, այդ ամբողջ հոլովոյթը օրինական մակարդակի հասցնելու: Հետեւողական աշխատանք ունինք կատարելիք: Պէտք է որ երիտասարդութիւնը մղենք, որ քաղաքական կեանքին մաս կազմէ, չըլլայ միայն դիտող», ըսաւ Աղճայեան:
Օրուան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ շրջանի հովիւ Անդրանիկ Աւագ Քահանայ Պ Պալճեանի աօրհնութեամբ:
Ձեռնարկի ազդանշանին, տասնեակ մը ազերի ցուցարարներ փորձած էին իրարանցում ստեղծել, որ ապարդիւն դուրս եկած էր: Իսկ այս յայտագրէն առաջ, կատարուած աճուրդի արդիւնք, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: