
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2-ին, Պոսթընի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը: Այս առթիւ, «Ազատութիւն» շքանշանով պիտի պարգեւատրուի Աննա Աստուածատուրեան- Թըրքոթը (Մէյն նահանգ), որ մեծ ներդրում ունեցած է հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան բնագաւառներէն ներս:
2013-ին Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ կարեւոր դեր ստանձնեց Մէյն նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչման գործընթացին մէջ: 1988-ին, հազիւ 10 գարուններ բոլորած, Պաքուի մէջ բնակութիւն հաստատած, Աննայի կեանքը զարհուրելի եղած է, երբ ազերիներ ձեռնարկած են հայերու բռնի տեղահանութեան: Աննային ընտանիքը պարտադրուած է փախուստ տալ եւ ապաստանիլ Հայաստան: 1992-ին Աստուածատուրեանները կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ: Աննա պահած էր այս դաժան օրերու օրագրութիւնը, որ լոյս տեսաւ Յունիս 2012-ին, անգլերէն լեզուով, “Nowhere, a Story of Exile“ գիրքին մէջ: