
Նոյեմբեր 21-ին, Ֆիլատելֆիոյ Հայ Կեդրոնի »Սիրունեան« սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի »Համազգային«ի Շրջանային Վարչութեան նիստը, մասնակցութեամբ անդամներ՝ Արա Նազարեանի, Լենա Օհաննէսեանի, Մակի Սիմոնեանի, Հարմիկ Աւետեանի, Ալին Պաղտասարեանի, Յասմիկ Աբրահամեանի եւ Յակոբ Մելքոնեանի: Անոնց կ’ընկերակցէին Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղի անդամներ՝ Վարդուհի Գոմրուքեան եւ Մատոնա Գիզիրեան: Կեդրոնական Վարչութիւնը, այս ժողովին կը ներկայացնէր, Շրջանային Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ Յովսէփ Աւագեան:
Այս ժողովը առիթ մը եղաւ որ ժողովականները քննեն շրջանը յուզող զանազան հարցեր: Կատարուեցաւ յատուկ անդրադարձ www.hamazkayin-usa.org կայքէջը վերաորակաւորելու մասին:
Որոշուեցաւ Նոր Տարուան առթիւ, օրացոյց պատրաստել, կազմակերպել համոյթ մը, մասնակցութեամբ, Քալիֆորնիայէն ժամանած »Էլեմընթ« խումբին եւ յառաջիկայ Մայիսին վերստին կատարել նախապէս կազմակերպուած գեղարուեստական ձեռնարկները: