Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէէն Պատուիրակութիւն Մը Տեսակցեցաւ Հ․Հ․ Սփիւռքի գործերու Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ

0 0
Read Time:32 Second


ՌԻՃՖԻԼՏ (Նիւ Ճըրզի)․- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ին, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հ․Հ․ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայորդիներուն միջեւ աւելի սերտ կապերու հաստատման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան ուղղուած քայլերուն կարեւորութիւնը։ Նաեւ խօսուեցաւ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ծրագիրներուն մասին:
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անի Չաղլասեան, Ճոնի Մկրտիչեան եւ Վալոտ Աթախանեան։ Հանդիպումէն առաջ, Սինանեան այցելեց վերոյիշեալ կեդրոնն ու եկեղեցին, ընկերակցութեամբ շրջանի հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Ծայրագոյն Վարդապետ Սահակ Եմիշեանի։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles