Լրահոս

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏՕՆԵԼՈՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ

Յառաջիկայ 13-16 Նոյեմբերին, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակը պիտի տօնէ։ Մշակութային, եկեղեցական ու համայնքային ձեռնարկներ լուսարձակի տակ պիտի առնեն Վեհափառ Հայրապետի նշանակալից գահակալութիւնը Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ։

Չորս օրուան վրայ տարածուած յայտագիրը պիտի սկսի Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, անուանի սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի համերգով Գառնըկի Հոլի մէջ (Նիւ Եորք)։ Ուրբաթ, 14 Նոյեմբերի երեկոյեան, մշակութային ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Շաբաթ, 15 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդ մասնագէտներու հետ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ձեռնատկներու այս շարքը պիտի փակուի Կիրակի, 16 Նոյեմբերին, Հայրապետական Ս. Պատարագով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), որուն պիտի հետեւի տօնախմբութիւն մը Կարտըն Սիթի պանդոկին մէջ (Կարտըն Սիթի, Նիւ Եորք)։

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button