

Հանրածանօթ ջութակահար Արա Մալիքեան, որ յատկապէս Սպանիոյ մէջ, մեծ հռչակ կը սփռէ, վերջերս հրաւիրուած եւ ելոյթ ունեցած է Մերսինի մէջ:
Այս առթիւ, ան իր դիմատետրին մէջ կը նշէ.- «Զարմանալի ճակատագիր…Ճիշտ հարիւր տարի առաջ իմ մեծ հայրս՝ Վահանը տեղահանուած էր, այս քաղաքէն եւ եւ այսօր դար մը ետք, հրաւիրուած եմ միեւնոյն վայրը՝ ելոյթ ունենալու»:
Մալիքեանի վերջին խտասալիկը՝ «15»ը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ:
Մալիքեան 15 տարիէ ի վեռ Սպանիոյ մէջ կը գործէ, եւ այդ պատճառով խտասալիկը կը կրէ այդ թիւ-անունը:
Լիբանան ծնան եւ 16 տարեկանին Գերմանիա մեկնած է: Հաննովըրի մէջ յաւելեալ մասնագիտութիւն ստացած, Մալիքեան բազմիցս տիրացած է մրցանակներու:
«15» խտասալիկին առաջին գործը, իր կողմէն մշակուած «Ծովարեւ»ն է: Նաեւ, ան իր նուագախումբին հետ կը նուագէ գործեր ֆլամենկոյի չաստուած՝ Փաքօ Լուսիայէն, եւ իր իւրայատուկ ոճով կը ներկայացնէ Վիվալտիի «Չորս Եղանակներ»ն ու յունական ծանօթ «Միսիրլու» ( https://www.youtube.com/watch?v=xH_sltxrHok) գործը, որ յատկապէս կը նշուի Քուինթին Թարանթինոյի «Փալփ Ֆիքշըն» ժապաւէնին մէջ, գործածուելուն առթիւ: