
ՊՈԼԻՍ («Մարմարա», «Ժամանակ») ․- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17-ին, աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր (90 տարեկան) կնքեց իր մահկանացուն։ Ծնած 1928-ին, ան Պէյօղլու շրջանի բնակիչ եղած էր ողջ կեանքի տեւողութեան։ Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու սան, ան կարճ ատեն մը նաեւ յաճախած էր Կալաթասարայի «լիսէ»-ն։ Բարձրագոյն ուսման շրջանին, ան թատրոնի եւ լրագրութեան բնագաւառներէն ներս մասնագիտացած էր։
Միջազգային յառաջատար գրեթէ բոլոր պարբերաթերթերուն կամ հանդէսներուն մէջ լոյս տեսած են իր լուսանկարները։ Արա Կիւլէր լուսանկարչական գործիքով պտըտած էր գրեթէ ամբողջ աշխարհը։ Այդ դիտարկումները եւս տարբեր տարողութիւն մը, արժէք մը կու տային իր լուսանկարներուն։ Ծանօթ է, որ ան ունի վիթխարի ստեղծագործական ժառանգութիւն մը, որու հիման վրայ վերջերս ստեղծուեցաւ թանգարան մը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան կեդրոն մը։ Արա Կիւլէր եղած էր իր ապրած ժամանակաշրջանի վաւերագրողը, հանճար ականատեսը։ Մարդկութեան երթի սուր եւ ինքնուրոյն դիտարկող մըն էր ան, անհաւատալի ու վառ դրուագներու որսորդ մը։ Իր մահը անփոխարինելի ու ծանր կորուստ մըն է թէ՛ զանգուածային լրատուութեան աշխարհի եւ թէ գեղարուեստական կեանքի տեսակէտէ։
Ոչ եւս է «Դարու Լուսանկարիչը» կոչման արժանացած «Պոլսոյ Աչքը» համարուող կենդանի առասպելը, որ պարգեւներու եւ մրցանակներու դափնեկիր մը, ախոյեան մըն էր։
«Master of Leica» կոչումին արժանացած էր ան եւ միջազգային գետնի վրայ դասուած էր աշխարհի լաւագոյն եօթ լուսանկարիչներու շարքին։ Վերջին տարիներուն Արա Կիւլէրի առողջութիւնը վատթարացած էր։ Ան բազմիցս հիւանդանոց փոխադրուած էր, շտապ եւ անհրաժոշտ խնամք ստանալով։
Կալաթասարայի հրապարակին մօտակայքը գտնուող փողոցի մը մէջ արդէն տարիներէ ի վեր կը գործէ անուանի լուսանկարիչին «Արա Քաֆէ» սրճարանը։ Այդ փողոցին անունը «Թոսպաղա» էր, եւ Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը փոխած էր անունը եւ անուանած «Արա Կիւլէր» փողոց։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչը որոշած էր իր հարուստ արխիւը յանձնել «Տողուշ» խմբակին։ Այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ գտած էր։ Մեծանուն վարպետին արխիւը կ՚արժէ մօտաւորապէս երեք միլիոն եուրօ։ Արա Կիւլէր կը փափաքի, որ իր լուսանկարները ներկայացուին թանգարանի մը մէջ, որ պիտի կոչուի իր անունով։ «Տողուշ» խմբակի ղեկավար Ֆերիթ Շահէնքի փափաքով իրականացուած էր այս համաձայնութիւնը։ Համագործակցութեան ու գործընկերութեան համաձայնութեան մը ձեւաչափին մէջ, մտային ու գեղարուեստական գործերու օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, Արա Կիւլէր իր իսկ արխիւին բոլոր իրաւունքները յանձնած է այս ստեղծուած ընկերութեան։
Արա Կիւլէրի լուսանկարչութեան վերաբերեալ բոլոր գործիքներն ու արխիւը, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի մէջ «Արա» սրճարանին գտնուած շէնքը իբրեւ դրամագլուխ կը ծառայեն նոր ստեղծուած ընկերութեան։
Այսպէս, Պոլսահայութիւնը կը սգայ իր այս մեծանուն եւ մեծատաղանդ զաւակի՝ Արա Կիւլէրի հրաժեշտը, որուն յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20-ին, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

