Արուեստ Եւ ՄշակոյթԳլխաւորԼրահոս

ԱՐԱ ԱԶԱՏ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԼԵՍԼԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

ara azad2

Յուլիս 9-էն Օգոստոս 9, Մասաչուսէցի Lesley համալսարանի «Լանտըր» արուեստի կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ շրջանի աւելի քան յիսուն արուեստագէտներու գործերու հաւաքական ցուցահանդէս: Անոնց կարգին էր արուեստագէտ Արա Ազատ:
«In/Sight» անունը կրող այս ցուցահանդէսին գեղանկարներ, լուսանկարներ, փակցանկարչական գործեր (քոլաժ), քանդակներ եւ այլ արդի միջոցներով պատրաստուած գործեր:Ara-Azad1

Արա Ազատի ծրարով հասցէագրուած գործերը ցուցադրուեցան, որոնց կարգին էին Ապրիլ 24, 2015-ի յղուած գործեր, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ:
Ազատի համար յստակ է թէ արուեստագէտի մը գործերը ինքնատիպ ու ինքնուրոյն են: Եւ գրչով ու ներկով ներկայացուած մտայղացումներուն արժէքը ո՛չ մէկ ձեւով կարելի է նիւթական ու շօշափելի սահմաններու մէջ ամփոփել, որովհետեւ ara azad3Ara Azad 100th witness acrylic on canvas 146in x 11in USA  2015©Ara Azadանոնք շատ աւելի բարձր են ու ունին խոր իմաստ:ara azad5

Advertisement Subscribe Today

Արա Ազատ Պարսումեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոսթընի գեղարուեստի թանգարանի հիմնարկէն ներս: Փոքր տարիքէն, անոր գործերը ցուցադրուած են կարգ մը երկիրներու մէջ: Ան երկար տարիներ աշխատած է Մասաչուսէցի, Քաննէթիքըթի եւ Մէյնի մէջ, միջավայր մը որուն հետ կրցած է շարունակ քայլ պահել: Յատկապէս Մասաչուսէցը, Արայի համար բարենպաստ միջավայր մըն է մանաւանդ` ժամանակակից արուեստի համար: Ան կը պատկանի այն դպրոցին, որ դասական եզրերը կը փոխէ եւ արտայայտութեան նոր, շարժումով լեցուն արուեստ ստեղծելու միտումով ստեղծուած մտայղացքային արուեստը կու գայ քարացած իրերը շարժելու, անոնց մէջ կեանք ու կենդանութիւն ներարկելու: Այն ակնդիրը, որ ծանօթ է Արա Ազատի գեղանկարչական ուղղութեան, արդէն կրնայ պատկերացնել զայն` ինքնամոռաց տրուած նկարչութեան, ստեղծագործելով ցուցահանդէսի ընթացքին, ուղղակի այցելուներուն ներկայութեամբ:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button