
Գարուն է: Արմենակ եւ Էլպիս ելակով լեցուն սակառով մը այցելութեան եկան: Արեւ էր սպիտակած կեռասենիին տակ:
Գարուն է: Ի՜նչ փոյթ եթէ գնացքները լաւ չեն բանիր գործադուլի պատճառով կամ ուսանողները իրենց դպրոցները կ’աւերեն:
Պատճառ չկայ, որ արձակուրդի չմեկնողը տունը մնայ, առեւտուրը կանգ առնէ մեծ վաճառատուներուն մէջ:
Հայաստան մտահոգիչ ցոյցեր կան եւ վաղը դուրսէն կրնանք ափսոսալ, եթէ յանկարծ սալայատակին վրայ փռուի զոհ մը:
Այս մտածումներով տարուած էի, երբ դրան զանգը հնչեց:
Մեր տխրութիւններուն վկայ շրջուն հերցեան ալիքները կրող Կեդրոնականցին էր, Էլպիսի հետ:
– Լաւ ըրիք գալով, այս արեւով լաւ է ջերմանալ եւ երազել, խօսակիցներով,- ըսի դիմաւորելով ընկեր-բարեկամ չմոռցող հիւրերը:
Մակարուհին ելակները բերաւ պաղպաղակի վրայ, պսակուած շանթիյիով:
Արմենակի խօսքը ներածական չունի:
– Մակա՛ր, սփիւռքի հայերը, ինչ որ մնացած է, ե՞րբ պիտի դադրին հայրենիքէն ակնկալութիւններ ունենալէ:
– Նորէն ո՞ր մեղուի փեթակին մէջ դրեր ես մատներդ:
– Ճիշդ այդպէս: Դասախօսութեան մը գացի: Հարիւրամեակ է: Յիշողութիւնը պէտք է պահել: Կրկին լսեցինք երազուած անկախ Հայաստանի մասին: Երբ զրոյցը սկսաւ, երազները մոռցուեցան եւ ներկաները, մէկը միւսէն ետ չմնալուվ, չինական սեւ մելանով ներկեցին երկիրը, եզրակացնելով, որ հոն «բնակելիք տեղ չէ»:
– Դեռ կը զարմանա՞ս: Երանի քեզի: Ըսէ՛, ինչե՜ր կ’ակնկալէին:
– Որպէսզի իրենցմէ չսպասուի հայրենատէր ըլլալ եւ վերադառնալ, անցեալի «սեւացրէ՛ք»ի օրինակով, կուշտ եւ հանգիստ քաղքենիի յատուկ իմաստուն եւ խոհեմ պատճառներ թուեցին, քաղաքագէտի ոճով: Հասկցայ, որ եթէ Հայաստան Աքափուլքօ, Հոնոլուլու, Մոնաքօ կամ Պեվըրլի չըլլայ, իրենք հոն չեն երթար:
– Ի՞նչ ըսին:
– Միայն Երեւանի կեդրոնը կայ: Ուրիշ բան չկայ: Աղքատութիւն կայ: Կողոպուտ կայ: Կաշառք կայ: Ապահովութիւն չկայ: Վստահութիւն չկայ դրամին վրայ: Կարելի չէ գործ ընել, ձեռքէդ կ’առնեն: Եւ այդպէս շարունակ… Ըսին, ըսին… Արդէն ցոյցեր կան եւ յայտնի չէ, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ երկրի ապագան:
– Դուն ի՞նչ ըսիր:
– Ըսի որ Հայաստանը Զուիցերիա չէ, ձեր հայրենասիրութիւնը զուիցերիական երազ է: Բայց Հայաստանը ապահով երկիր է, ըստ միջազգային գնահատումներու: Երիտասարդ մը ըսաւ, որ Հայաստանը կը սիրենք, բայց եթէ զինուոր պիտի ըլլանք, չենք երթար, որպէս «տուրիստ» կ’երթանք եւ կու գանք: Իրենք ալ գոհ կ’ըլլան, մենք ալ:
– Համահայկական խորհրդաժողով գումարեր էք:
– ճիշդ: Ոչ ոք ըսաւ թէ, ո՞ւր կ’երթայ սփիւռքի թուղթի վրայի եօթը միլիոնը: Բանաստեղծը ըսած է, կ’ապրինք «անրջելով Հայաստան», երգուպարով, շաբաթավերջի խրախճանքներ, ամեակներ եւ հայկական խոհանոց:
– Ա՛յս ալ ըսէիր:
– Կ’ուզէի՞ր որ հայրենադարձութիւն մերժողներու եւ հայրենիք լքածներու կողմէ «ակրեսիա»յի ենթարկուէի,- եզրակացուց Կեդրոնականցին:
Մակար ի Գաղիա