
ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Hovani@yahoo.com
Թէեւ տարիներ անցած են «Հայ Գիր» գրախանութս փակելուն, սակայն կը շարունակեմ կարգ մը հայահոծ գաղութներու կազմակերպած տօնավաճառներուն մասնակցիլ, շարունակ յարգելու համար գրախանութս հաստատած օրերուն ես ինծի տուած խոստումս՝ հայ գիրն եւ մշակոյթը տարածել մեր հասարակական կեանքին մէջ։
Գոհունակութիւն կ՛ապրիմ, երբ տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուած տօնավաճառներուն ընթացքին կրպակս իրեն վրայ կը կեդրոնացնէ ներկաներուն ուշադրութիւնը, իբրեւ հայկական արուեստի գործերու, գիրքերու, գորգերու եւ մշակութային նմոյշներու իւրայատուկ անկիւն։
Քանի մը տարի առաջ, երբ մասնակցութիւն կը բերէի Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան պազարին, ըստ սովորութեան, մուտքին ինծի վերապահուած էր սովորական կրպակս։ Հաճելի էր տեսնել ներս մտնողներու դէմքի արտայայտութիւնները. նաեւ, հաճելի էր անոնց հարցումներուն պատասխանելը՝ սկսելով Հայաստանի աշխարհագրական դիրքէն, պատմութենէն եւ մշակոյթէն, հասնելով մինչեւ գորգերու նախշերուն եւ անոնց արտայայտած հաւատալիքներուն խորհուրդները։
Այդ տօնավաճառին, երբ այցելուի մը կը բացատրէի հայկական աղամաններուն եւ աղին խաղացած դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, 2 անձեր մտան կրպակս եւ գորգերը դիտելէ ետք կանգ առին անկիւնը դրուած Արարատի գեղանկարին առջեւ, ուշի ուշով զննեցին զայն, ապա անոնցմէ մէկը մօտեցաւ ինծի ու խօսակիցիս, ստուգեց, թէ ո՛վ է կրպակի պատասխանատուն, ու անգլերէն ծանր առոգանութեամբ մը հարցուց անկիւնը դրուած Արարատի իւղանկարին գինը. չմոռնամ նշելու, որ գեղանկարին մէջ, Արարատի յառաջամասին կ՛երեւէր Խոր Վիրապի եկեղեցին, մէկ խօսքով՝ աւանդական պատկեր մը։
Պատասխանս լսելէ ետք, գնաց ընկերակիցին մօտ եւ անոնք սկսան խորհրդակցելու։ Խօսակիցս մեկնեցաւ՝ նկատելով, որ երկու նորեկներուն պէտք էր ժամանակ տրամադրէի։ Քաղաքավարօրէն յառաջացայ դէպի յաճախորդներս՝ մտածելով, որ կրնային այլ հարցումներ ունենալ, կամ՝ կրնայի գործը գովել եւ իրենց ախորժակը գրգռել, որպէսզի նկարը գնեն։ Երբ մօտեցայ անոնց, ականջիս հասան թրքերէն բառեր։ Պահ մը մտածեցի, որ անոնք կրնային Թուրքիայէն եկած հայորդիներ ըլլալ, որովհետեւ, մտածեցի՝ թուրք մը Արարատ պիտի չըսէր, այլ՝ Աղրը Տաղ…
Երբ արդէն գրաւած էի իրենց աչքերը, միտքիս մէջ ծագած անորոշութիւնը փառատելու համար, թրքերէնով հարցուցի, թէ արդեօք թո՞ւրք էին։ Այն մէկը, որ նկարին գինը հարցուցած էր, խիստ նայուածքով մը եւ նոյնքա՛ն խիստ ոճով պատասխանեց. «Ո՛չ. մենք քիւրտ ենք»։
Երկրորդ անձը իր կարգին հարցուց նկարին գինը եւ պատասխանը ստանալէ ետք, ձեռքը գրպանը նետեց ու տրցակ մը դրամ հանելով՝ սկսաւ հաշուելու, ապա ինծի երկարեց պահանջուած գումարը։
Անակնկալի եկած էի ու շուարած. պահ մը չգիտցայ ընելիքս։ Յանկարծ ցնցում մը ունեցայ. դատողութիւնս կարծես տեղի տուած էր զգացումներուս առջեւ։ Վայրկեան մը ինծի այնպէս թուեցաւ, որ ոչ թէ իւղանկար մը, այլ նոյնինքն Արարա՛տը պիտի վաճառէի քիւրտի մը։ Արդեօք Արարա՞տը վաճառքի հանած էի ոչ-հայու մը…
Այս վերիվայրումներուս մէջ, ինծի «օգնութեան» հասաւ առաջին քիւրտը՝ ըսելով. «Ապի, այդ մարդուն դրամը մի՛ առներ»։ Ըսել կ՛ուզէր, թէ ի՛նք պիտի վճարէր… (Մեր խօսակցութիւնը կ՛ընթանար թր-քերէնով. «ապի» բառը թրքախօսներուն մօտ ընդհանրապէս մտերմութեան նշան է)։
Միտքէս պատասխանեցի՝ «քու դրամդ ալ պիտի չառնեմ»։ Եւ վստահ ըլլալէ ետք, որ ինքն էր նկարը գնել ուզողը՝ հարցուցի, թէ ի՛նչ պիտի ընէր այդ նկարը եւ ինչո՛ւ կ՛ուզէր զայն։ Նախքան պատասխանելը, գրպանէն հանեց բջիջային հեռախօսը եւ զայն բանալէ ետք, յուզուած ցոյց տուաւ Արարատ լերան տասնեակ մը նկարներ, ու կրկին «ապի» ըսելով՝ բացատրեց, թէ իր գիւղը կը գտնուէր Արարատ լերան լանջին, եւ թէ ինք տկարութիւն եւ սէր ունէր անոր հանդէպ. նկարը շատ սիրած էր եւ կ՛ուզէր անպայման ունենալ զայն։
Վաճառականական բոլոր սկզ-բունքներուն հակառակ, սկսայ զինք համոզելու, որ ետ մնայ գնելու գաղափարէն։ Նախ իրեն բացատրեցի, թէ նկարը գծուած էր լերան «միւս կողմէն», Հայաստանէն, հետեւաբար՝ նոյն տեսքը պիտի չունենար, ապա ցոյց տուի Խոր Վիրապի եկեղեցին եւ բացատրեցի, թէ ատիկա հայկական եկեղեցի է եւ ոչ թէ մզկիթ. վստահ ըլլալու համար, հարցուցի, թէ ինք մուսուլման չէ՞ արդեօք. գլխու շարժումով մը հաստատեց, թէ ինք իսլամ է։ Աւելի յառաջ գացի՝ բացատրելով, որ արդեօք սխալ պիտի չըլլա՞ր, եթէ իսլամ անձ մը իր տան մէջ եկեղեցւոյ նկարը կախէր…
Նկատելով, որ համոզելու ճիգս դրական ազդեցութիւն կ՛ունենար խօսակիցիս վրայ՝ աւելցուցի. «Ապի, փոխանակ այսքա՛ն կոկիկ գումար մը տալու այս իւղաներկ նկարին, եկո՛ւր, անոր նկարն ալ առ հեռախօսովդ եւ աւելցուր այդ հաւաքածոյիդ»։ Կրկին եւ կրկին յիշեցուցի, թէ այդ իւղաներկը իր հարազատ գիւղէն նկարուած չէր եւ մանաւանդ՝ Արարատի կողքին նկարուածը հայկական եկեղեցի էր, ոչ թէ մզկիթ։
Համոզուած՝ քանի մը անգամ լուսանկարեց հեռախօսովը։ Մինչ այդ, եկած էին խօսակիցներուս ընտանիքի անդամները՝ կիները եւ զաւակները, իրենց ազգային տարազներով. բոլորն ալ նկարուեցան գորգերուն եւ Արարատի նկարին առջեւ, շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ գոհունակ՝ մեկնեցան։
Ուրախութինս սահման չունէր… փրկած էի «Արարատ»ը, պահած էի զայն եւ չէի ծախած։
…Քանի մը ժամ ետք, ապրանքներս բեռնաւորած էի փոխադրական մեքենայիս մէջ եւ բռնած էի դէպի Լոս Անճելըս վերադարձի ճամբան։ Ճամբու ամբողջ տեւողութեան ինկած էի մտածումներու մէջ. ըրածս ճի՞շդ էր, թէ սխալ…
Եթէ եղածը դիտէի առեւտրականի տրամաբանութեամբ, ապա կատարելապէս ձախող վաճառական մըն էի։ Սակայն ձայն մը կ՛ըսէր, թէ այո՛, վաճառորդ եղած եմ, բայց բուն նպատակս վաճառականութիւն չէր. իմ պարտականութիւնս հայ գիրն ու մշակոյթը ծանօթացնելն էր, եւ իմ սահմաններուս մէջ, քիչ թէ շատ կը փորձէի առաւելագոյնս ընել, ու իբրեւ անհատ, բաւական ճամբայ կտրած էի այդ ուղղութեամբ։ Կար նաեւ միւս հարցումը… ի վերջոյ, ես զիս ինչպէ՞ս պիտի արդարացնէի՝ Արարատի նկարը քիւրտի մը ծախելով։ Չէ՞ որ Արարատը մեր երազն է եւ հպարտութիւնը. մեր կարելին եւ անկարելին ի գործ կը դնենք եւ պիտի դնենք՝ զայն «մեր կողմ»ը անցընելու համար։
Բայց… այդ քիւրտը, ա՜խ, այդ քիւրտը նախանձս շարժած էր։ «Քիւրտ հալ»ովը ինչպէ՛ս կրնար այդքա՜ն սիրել Արարատը։ Չէ՞ որ Արարատը մե՛րն է… Ի՛նչ ալ ըլլար, ան իր ապրումներուն եւ զգացումներուն համար շահած էր յարգանքս եւ համակրանքս։
Իսկ մեր մէջ որքա՞ն է այդպիսի «քիւրտ»երու թիւը…