Լրահոս

Արայիկ Յարութիւնեան Ներկայացուց Երեւան Այցելութեան Մանրամասնութիւնները

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ 18 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստ, որուն ընթացքին նախագահը անդրադարձած է իր գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ունեցած աշխատանքային քննարկումներու արդիւնքներուն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցած է հանդիպումներու մանրամասնութիւնները եւ Արցախի իշխանութիւններուն մօտեցումները Արցախի ապագային վերաբերեալ: Նախագահը կարեւոր նկատած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ համակարգուած աշխատանքը ինչպէս ներքին խնդիրները յաղթահարելու, այնպէս ալ արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները դիմակայելու հարցին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button