Լրահոս

Արամ Մանուկեանի Արձանի Տեղադրման Որոշում

 

Ձայներու 43 կողմ, 12 դէմ յարաբերակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանիի նիստին ընդունուեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման որոշումը` ըստ Դաւիթ Մինասեանի նախագիծին:

Պետական, քաղաքական, զինուորական գործիչ Արամ Մանուկեանի արձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու քառուղիին յարող տարածքին մէջ:

«Ելք» խմբակցութիւնը յայտնեց, որ դէմ պիտի քուէարկէ` պատճառաբանելով, որ մրցումը տեղի ունեցած է անարդար, Դաւիթ Մինասեանի նախագիծը չէր ներկայացուած անոր: Ի պատասխան «Ելք»-ի մեղադրանքին, փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան յայտարարեց, որ Արամ Մանուկեանի արձանը տեղադրելու համար մրցումը երկու փուլ ունեցած է: Ըստ անոր, մրցումին առաջին փուլով ներկայացուած որեւէ աշխատանք բարձր գնահատականի չէ արժանացած, այդ պատճառով ալ երկրորդ փուլ  եղած է:

«Երկիր ծիրանի»-ն յայտնեց, որ պիտի չմասնակցի  քուէարկութեան:

Advertisement Subscribe Today

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button