Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայրապետական յատուկ պատգամ յղեց Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի եւ Գանատայի երկու թեմերու հոգեւորականաց դասուն, որոնք իրենց առաջնորդ սրբազաններուն գլխաւորութեամբ միացեալ համագումար մը ունեցան Սփրինկֆիլտի (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսէց) Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար գնահատելով երեք թեմերու միջեւ վերջին տարիներուն սկսած միացեալ շարք մը աշխատանքներու երեւոյթը, իր ուրախութիւնը կը յայտնէ յատկապէս հոգեւորականաց դասուն մէկտեղումին, եւ գործակցութեան ճամբով փորձառութեանց փոխանակման համար:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը քանի մը կէտերով կը շեշտէ այն կարեւոր նիւթերը, որոնք լուսարձակի տակ պիտի բերուէին սոյն համագումարի ընթացքին: Նշենք, որ համագումարին առանցքը կազմեց Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը, որով ան 2010 թուականը յայտարարած էր Հայ Կնոջ տարի:
Նշենք թէ բոլոր թեմերէն ներս, նոյն օրը մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ թեմակալ առաջնորդներուն կողմէ վերարժեւորուեցաւ հայ հոգեւորականութեան ծառայական ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: