
Ուրբաթ, Յունուար 21-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ առցանց հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ:
Նորին Սրբութիւնը թեմակալ առաջնորդները տեղեակ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր թեմերուն առնչուած ընդհանրական ծրագիրներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ան յատկապէս շեշտեց «Սփիւռքի Տարի»-ին առիթով գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ 1 Յուլիսին Միւռոնօրհնէքին եւ 7-9 Դեկտեմբերին Ազգային Ընդհանուր Ժողովին գծով կատարուելիք նախապատրաստական աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կատարեց շարք մը յիշեցումներ Կաթողիկոսարան-թեմ յարաբերութեանց ու գործակցութեանց գծով: