Լրահոս

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերուն, յաջորդաբար այցելեց Պէյրութի եւ շրջակայից եկեղեցիները՝ Սուրբ Նշան, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Յովհաննու Կարապետ, Ս․ Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Վարդանանց, ինչպէս նաեւ Ազգային Միացեալ Վարժարան։

Վեհափառ Հայրապետը մօտէն տեղեկացաւ պայթումին հետեւանքով տեղի ունեցած վնասներուն: Նորին Սրբութիւնը իր հայրական քաջալերանքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին, Լիբանանի հայոց թեմին մէջ ծառայողներուն եւ գաղութի զաւակներուն՝ յայտնելով. «Մի՛ յուսահատիք, մենք միասնաբար, հաւաքական հաւատքով ու նուիրումով պիտի վերականգնենք Լիբանանի հայութիւնը՝ վերահաստատելով անոր համասփիւռքեան դերակատարութիւնը»։

Այցելութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ թեմական պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին դարձեալ յիշեցուց, թէ կարելի փութով պէտք է վնասներուն արժեւորումը կատարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմակերպուած կերպով լծուիլ աշխատանքի:

 

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button