Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լաթաքիա

0 0
Read Time:29 Second

aram latakia

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Սուրիոյ ծովեզերեան շրջաններ տուած հովուապետական այցելութիւնը սկսաւ Լաթաքիայէն: Վեհափառ հայրապետը Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն, ապա եկեղեցւոյ կից` «Արարատ» սրահէն, հաւաքուած բազմութեան փոխանցեց իր հովուապետական օրհնութիւնը, ապա շեշտեց, թէ` «հարիւր տարիներ առաջ երբ հայը Թուրքիոյ մէջ մահ ու կոտորած տեսաւ, ապա Սուրիոյ մէջ գտաւ եղբայրական սէր ու համերաշխ գոյակցութիւն: Սուրիահայ գաղութը կապուած է իր երկրին: Ան պիտի մնայ, գոյատեւէ եւ բարգաւաճի»:

Այս առիթով սրտի խօսք արտասանեց Լաթաքիոյ նահանգապետը` բարի գալուստ մաղթելով վեհափառ հայրապետին եւ շեշտելով, որ հայ տարրը Սուրիան պաշտպանելու համար յառաջապահ դիրքի վրայ գտնուեցաւ եւ տուաւ բազմաթիւ նահատակներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles