ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԿՈՉԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ը կոչով մը դիմած է Հայաստանի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն, փոխանցելով թէ այս իրավիճակի մէջ լուռ մնալը ճիշտ չենք համարեր:
“Մտահոգ ենք: Մտահոգ ենք, որովհետեւ մեր հայրենիքի հզօրացումը, մեր միասնականութեան ամրապնդումը, մեր ազգային պահանջատիրութեան նոր խայծ, նոր թափ տալու համազգային պահանջը մեր ժողովուրդի համար պէտք է դառնայ համազգային մտահոգութիւն: Հայաստանը միայն հող չէ, Հայաստանը նաեւ ու մանաւանդ ժողովուրդ է իր պետականութեամբ: Մեր սպասումն է, որ մեր ժողովուրդի ղեկավարները Հայաստանի մէջ լսեն մեր ժողովուրդին, հետեւին մեր ժողովուրդի սպասումներուն, կարիքներուն, պահանջներուն: Միաժամանակ մեր սպասումն է, որ մեր ժողովուրդն ալ կը լսէ իր կողմէն ընտրուած պետականութեան պատասխանատուներու մտահոգութիւնները, մօտեցումները։
Հայրենիքի հզօրացումը մեր ժողովուրդի համար պէտք է ամէն բանէ վեր դիտարկուի: Ին՞չ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի մեր հայրենիքի պետական հիմքերը աւելի հզօրանան, մեր ժողովուրդի կեանքն աւելի բարելաւուի: Մենք բոլորս Սփիւռքի մէջ եւս պէտք է այդ գիտակցութեամբ առաջնորդուինք“, կը յայտնէ ան:


