ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

0 0
Read Time:4 Minute, 28 Second

11

Ընդառաջելով Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկի հրաւէրին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ժընեւ, Լօզան, Պեռն եւ Ցիւրիխ:
Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, նախարար Տիար Արթիւր Նազարեան եւ Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի։ Զուիցերիոյ մէջ պատուիրակութեան միացան Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ Արմէնօֆասի խորհուրդի անդամ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Արմէնօֆասի նախագահ Տիկին Թենի Սիմոնեան, նոյն խորհուրդի անդամ Տիար Ալեքսան Քէօշէեան եւ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան։10-1024x683
Պեռնի իջեւանած պանդոկին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրին, ընկերակցութեամբ Խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Սերժ Ֆորներոյի: Հոգեւոր Պետերուն առանձին հանդիպումէն եւ իրենց գործակիցներու ներկայութեան միացեալ հաղորդագրութիւն ստորագրելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.- «Զուիցերիա Մեր այցելութիւնը տեղի ունեցաւ «100 տարիներու հայ-զուիցերիական զօրակցութիւն» խորագրին ներքեւ, եւ բնականաբար Մեր այցելութեան նպատակը այդ զօրակցութիւնը աւելի ամրապնդել էր: Կրնանք անվարան յայտարարել, թէ Մեր ունեցած պետական ու կրօնական հանդիպումներու, մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ կատարած հարցազրոյցներու եւ հրապարակային ելոյթներու ճամբով վստահաբար հայ-զուիցերիական զօրակցութիւնը աւելի պիտի ծաւալի ու ամրապնդուի թէ միջ-եկեղեցական մարզէն ներս, թէ Հայաստանի ու Զուիցերիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի նկատմամբ Զուիցերիոյ որդեգրած կեցուածքին գծով: Մենք մեծապէս գոհ ենք ու շնորհակալ Մեր արծարծած հարցերուն, փոխանցած մտահոգութիւններուն եւ պարզած սպասումներուն գծով Զուիցերիոյ եկեղեցական ու պետական պատասխանատուներուն եւ ժողովրդային շրջանակներուն ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու ընդառաջումին համար: Հետեւաբար, վստահ ենք որ Զուիցերիա Մեր կատարած այս այցելութիւնը նոր մղում մը պիտի տայ մեր երկու եկեղեցիներուն եւ պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան»:6-1024x683
Դոկտ. Լոխըր բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները, իր կարգին յիշեցուց, որ Նորին Սրբութեան հանդիպումներն ու հրապարակային արտայայտութիւնները մեծ գոհունակութեամբ ընդունուած են կրօնական ու պետական շրջանակներէն ներս եւ յոյս յայտնեց, որ վերանորոգ թափով շարունակուին մեր եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները՝ միասնաբար դիմակալելու ներկայ աշխարհի տագնապներն ու մարտահրաւէրները:
Ժեռնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն,ուր Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց:
Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետընախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին համար եւ ապա անդրադարձաւ գլխաւոր երեք կէտերու՝ 1) Հաւատք Աստուծոյ նկատմամբ, 2)Պաշտպանութիւն արդարութեան եւ 3) Զօրակցութիւն մարդկային արժանապատուութեան, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացան զուիցերիացի ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու պետութեան, ամէնէն դժուարին օրերուն հայ ժողովուրդին զօրակցելու: «Զուիցերիոյ երիտասարդ նոր սերունդի զաւակները պէտք է հպարտ զգան իրենց ծնողներուն եւ նախահայրերուն, հայ ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերմունքին համար: Հայ երիտասարդ սերունդը իր կարգին երախտապարտ պէտք է ըլլայ եւ յիշէ զուիցերիոյ ժողովուրդին կատարած մարդասիրական զօրակցութիւնը, հայ ժողովուրդի ամէնէն ճգնաժամային պահուն: Մենք բոլորս պէտք է մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք: 97Մենք նաեւ նոր տեսիլքով ապագային պէտք է նայինք: Ինչպէ՞ս կրնանք մեր անցեալի փորձառութենէն սորվիլ եւ նախկին զօրակցութիւնը փոխակերպել համագործակցութեան ու բարեկամութեան: Ա՛յս է մեր առջեւ գտնուող նոր մարտահրաւէրը» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Դոկտ. Լոխըր իր կարգինանդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, զուիցերիացի ժողովուրդին քրիստոնէական արժէքներու նկատմամբ ունեցած ամուր կապուածութեան, որ զիրենք մղեց ծառայելու հայ ժողովուրդին ու զօրավիգ կանգնելու անոր արդար դատին:
Արարողութեան ընթացքին աղօթքներու եւ սաղմոսներու ընթերցումներու կողքին նուագուեցան հայկական շարականներ:
Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդը, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ պաշտօնական ընթրիք մը տուաւ, Հովուապետին Զուիցերիա կատարած այցելութեան ընթացքին:
Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ Դոկտ. Լոխըր: Ան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այս այցելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ հայ-զուիցերեական բարեկամութեան ծիրէն ներս: Ապա, խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին համար, հաստատելով որ իր այս այցելութիւնը առաւել եւս պիտի ամրապնդէ հայ-զուիցերիական բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը՝ յատկապէս հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրէն ներս: Նորին Սրբութիւնը նաեւ լայն տեղեկութիւն տուաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութեան կարեւորութիւնը շրջանէն ներս: Պետական Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ Սուրիայէն Լիբանան ժամանած շուրջ մէկուկէս միլիոն գաղթականներու կենսապայմաններուն, ուսման եւ անոնց դիմագրաւած այլ դժուարութիւններուն մասին:78
Խօսքերու աւարտին Դոկտ. Լոխըրի եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց Ցիւրիխի մօտակայ Վալցընհաուզընի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած Փափա Քիւնցլէրի յիշատակի ձեռնարկին: Փափա Քիւնցլէր այս գիւղին մէջ անցուցած էր իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները, նախքան հայ ժողովուրդին օգնութեան համար իբր կամաւոր բժիշկ Ուրֆա մեկնիլը:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Ուօլցընհաուսի Քաղաքապետ Հանսրուտի Պանզիկըր, Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի շրջանի ներկայացուցիչ Քոնի Պուրտըրըր, Խորհուրդի Փոխ-նախագահ Լինի Սութըր, Զիւրիխի համալսարանի դասախօս պատմաբան Հանս-Լուքաս Քայզըր, Ծերակուտական Հանս Ալթհըր, Արմէնօֆասի Նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Քիւնցլէրի երկու թոռները՝ Էնն Պէթզ (Անգլիա) ու Փրուտի Մարշըլ (Միացեալ Նահանգներ) եւ Զուիցերիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ ու Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ առաջին Դեսպան Քոնսթանթին Օպոլէնսքի:
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Փափա Քիւնցթըրի անանձնական ծառայութեան, որ մատուցած էր հայ ժողովուրդին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յաջորդող շրջանին՝ յատկապէս որբահաւաքի աշխատանքի միջոցաւ: «Փափա Քիւնցլէրի կեանքը սիրոյ գործնական արտայայտութիւնն է: Արդարեւ, աստուածային սէրը մղիչ ուժը հանդիսացաւ այս զուիցերիացիին համար, որ իր ամբողջ չափահաս կեանքը ընծայաբերեց մարդկութեան ծառայութեան: Սիրոյ ուժը պատճառ հանդիսացաւ, որ ան դրժէ ուժին սէրը: Սիրոյ ուժը զինք մղեց ծառայելու հայ ժողովուրդին՝ ողբի ու տառապանքի օրերուն: Եւ սիրոյ ուժը մղեց Փափան ինքզինք նոյնացնելու աղքատին, հիւանդին եւ հալածուողին հետ» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Հարիւր տարիներ ետք, ամբողջ հայ ժողովուրդին երախտագիտութեան ձայնը բարձրացնող Հայրապետին սրտառուչ խօսքի ընթացքին ուշագրաւ էր Քիւնցլէրի թոռներուն աչքերէն հոսող արցունքը: Շրջանի զուիցերիացի ժողովուրդը լեցուցած էր ամբողջ եկեղեցին, որոնք Քիւնցլէրի ընտանիքի անդամներուն հետ եկած էին յարգելու յիշատակը մեծ հայասէրին ու մարդասէրին։
Փափա Քիւնցլէր հայ ժողովուրդին իր ծառայութիւնը սկսած է Ուրֆայի մէջ: Ան որպէս բժիշկ ցեղասպանութենէն առաջ եւ ցեղասպանութենէն ետք շարունակած է իր գործունէութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Հիմնած է Ղազիրի Որբանոցը եւ Ազունիէի Բուժարանը, Լիբանանի մէջ: Փափա Քիւնցլէր մահացած է 1949-ին Ղազիրի մէջ: Անոր գերեզմանաքարին վրայ արձանագրուած է «Փափա Քիւնցլէր՝ հայ որբերուն հայրը»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles